Կութիերէս. Ֆրանչիսկոս Պապին ուսուցումները խաղաղ աշխարհի մը համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մահուընէ մէկ շաբաթ ետքը ՄԱԿ-ի մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար` Անթոնիօ Կութիերէս, խօսքը ուղղելով ՄԱԿ-ի անդամ 193 Երկիներու պատուիրակներուն ուզեց յիշել Ֆրանչիսկոս Պապը զայն որակելով «հաւատքի մարդ որ կարող էր կամուրջներ կառուցել կրօններու միջեւ, լուսանցքայիններուն պաշտպան, խաղաղութեան ձայն, պատերազմներով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ»։
Ընդհանուր Քարտուղարը յիշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն արտասանած խօսքերը 2015 թուականին երբ Ան ՄԱԿ-ը ներկայացուց որպէս վայր մը որ կը ներկայացնէ մարդկային ընտանիքը, որ կարող է աշխատիլ միասին և ներդաշնակօրէն «ոչ միայն խաղաղութեան, այլեւ խաղաղ կերպով, և ոչ միայն արդարութեան հետապնդման, այլեւ արդարութեան հոգիով»։
Կութիերէսը յիշեց նաեւ «Fratelli Tutti» շրջաբերականը` որով Ֆրանչիսկոս հաստատեց աւելի մեծ ընկերային արդարութեան մը ու աշխարհի մէջ հաւասարութեան անհրաժեշտութիւնը «յստակ գիծ մը գծելով մէկ կողմէն ժլատութեան, միւս կողմէն՝ աղքատութեան, սովի, խտրականութեան և տառապանքի միջև»։
«Ֆրանչիսկոս Պապը, միշտ արտայայտած է այն համոզմունքը, որ հաւատքը պէտք է ըլլայ գործողութեան և նուիրուածութեան շարժիչ ուժը։ Փախստականներու համաշխարհային վերջին օրուան առիթով Ան կոչ ուղղեց բոլոր երկրներուն «ընդունիլ, խթանել, ընկերանալ և ընդելուզել անոնք, որոնք կը թակեն անոնց դռները», յայտնեց ի միջի այլոց Կութիերէսը հաստատելով նաեւ, որ Հանգուցեալ Քահանայապետը վճռականութեամբ կանգնեցաւ անմեղներու կողքին, որոնք յայտնուած են Ղազայի և Ուքրանիայի պատերազմներուն մէջ։
Անոր հրաւէրն է չփակել աչքերը պատերազմներու ու բռնութիւններու զոհերուն դիմաց, աւելցուց ՄԱԿ-ի քարտուղարը որ ակնարկեց նաեւ Քահանայապպետին հասարակաց տան ի նպաստ յանձնառումին յղում կատարելով Անոր«Laudato Sì» շրջաբերականին, որուն մէջ ըսաւ Ան Սրբազան Պապը «ընդգծեց բնապահպանութեան ապականումի ու մարդկային պայմաններու ապականումի միջեւ կապը»։
«2025 թուականը յայտարարուեցաւ Յոյսի տարի։ Հիմա մեզմէ կախուած այս յոյսը խթանելը» ըսաւ Ապա ՄԱԿ-ի քարտուղարը եզրափակելով իր ելոյթը՝ ու կոչ ըրաւ Գլխաւոր Ժողովի մասնակիցներուն վերանորոգելու իրենց յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան և ընկերային արդարութեան խթանման նկատմամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ