Որոնել

La salma di papa Francesco trasferita a San Pietro per l'ostensione

Ֆրանչիսկոս Պապին առ Արարիչն իւր մեկնումին առթիւ. Տ. Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեան

Հայաստանի այցելութենէն իսկ առաջ լուսահոգի Քահանայապետը Արժանթինի մէջ իր առաջնորդ եղած շրջանին, հայ համայնքի մօտ եղած էր։ Հայկական հարցերու մասին անոր համոզումը հայո՛ւ համոզումն էր։ Հայ Նահատակներու մասին անոր հաւատքը անտարակոյս էր եւ հիմնուած էր քրիստոնէական հաստատ սկզբունքներու վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապը անվախ պահանջատէրը եղաւ հաւատացեալին հոգեւոր եւ եկեղեցական իրաւունքներուն, մանաւանդ անտեսուած հատուածին։

Ան մարդկութեան առջեւ, Աւետարանական արդարութեան եւ գործնական եղբայրսիրութեան առաքեալը եղաւ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքին առնուազն վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին, եթէ ոչ աւելի, առաջին անգամ Քահանայապետ մը, իր քարոզներով եւ գրութիւններովը, այսքան արմատական քննադատութիւն կը կատարէ եւ պահանջատէր եւ խիստ կ՚ըլլայ աւետարանական հոգիին ի նպաստ, կղերական եկեղեցական դասին եւ հաւատացեալներուն վերյիշեցնելով անոնց պաշտօնին եւ առաքելութեանց պարտականութիւնները։

Աղքատներուն եւ վերջիններուն իր տուած այցելութիւնները միայն ձեւակերպութիւն մը չէին այլ՝ ահազանգ հնչեցնելու չափ զօրաւոր օրինակ հանդիսանալու ձայնն ու կամքը, որ ի յայտ կու գային անոր ելոյթներուն ընթացքին։ Կ՚արժէ լաւ կարդալ մարդկային եւ քրիստոնէական եղբայրութեան մասին անոր գրութիւնները։

Մարդկային արժանապատուութեան քրիստոնէական ըմբռնումի հայելին էր։ Արուարձանի մարդն ու կինը նուազ ազնիւ չէին հարուստ կեդրոնի բնակիչներէն։ Հասկնանք կեանքի բոլոր ոլորտներուն համար եւ ոչ թէ միայն թաղամասերու։ Բանտարկեալը նուազ կարեւոր չէր ազատ շրջողէն։ Բոլորին ալ ոտքերը նոյնն էին եւ ասոր համար ալ նախընտրեց ամէն ոտնլուայի արարողութեան՝ երթալ բանտերու մէջ եւ հոն կատարել Աւագ Հինգշաբթի օրուան ծառայութեան խորհուրդը պարունակող արարողութիւնը։ Այդ կատարեց նաեւ իր մահկանացուն չկնքած, անցեալ աւագ հինգշաբթի օր` անոնց ըսելով, թէ ինք այս տարի կարող չէ ոտնլուայի արարողութիւնը կատարել, բայց եւ այնպէս ուզեց զանոնք այցելել, հակառակ իր դիւրաբեկ առողջութեան։

Հայասէրը

Հայաստանի այցելութենէն իսկ առաջ լուսահոգի Քահանայապետը Արժանթինի մէջ իր առաջնորդ եղած շրջանին, հայ համայնքի մօտ եղած էր։ Հայկական հարցերու մասին անոր համոզումը հայո՛ւ համոզումն էր։ Հայ Նահատակներու մասին անոր հաւատքը անտարակոյս էր եւ հիմնուած էր քրիստոնէական հաստատ սկզբունքներու վրայ։ Բայց ամէն բանէ վեր, անոր անփոխարինելի աննման արարքը կը նկատուի 12 Ապրիլ 2015-ին Սուրբ Պատարագը, սուրբ Պետրոսի մէջ, ուր, հիացումով, ինք անձամբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեց։ Այդ նոյն պահուն ուրիշ հրաշքի համազօր բան մըն ալ կատարուեցաւ հոն, Սուրբ Պետրոսի գմբեթին տակ, ուր հաւաքուեցան հայ իրականութեան բոլոր հատուածները։ Հայոց Պետական ներկայացուցչութենէն Հայ Եկեղեցական բոլոր բաժանմունքները, Հայրենիքի ներկայացուցիչներու կողքին Հայ Սփիւռքէն ժամանած հազարաւոր հաւատացեալներ միատեղ աղօթեցին հանգուցեալ մեծ Քահանայապետին շուրջ, բիւրաւոր նահատակներուն համար։ Անոր այս արարքին համար մանաւանդ եւ ուրիշ հայրական շատ մը յորդորներուն համար, անոր հոգիին համար աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած։ Իսկ մենք, Նարեկացիէն հատուածներ փոխ առնելով, առ Արարիչն այս աղօթքը բարձրացնենք ըսելով.

Դուն, որ «կը բնակիս ու կը հանգչիս միշտ անմատոյց լոյսի ջինջ ոլորտներու մէջ: Գոհաբանութեամբ կ՚աղաչենք, հաւատացեալ ժողովուրդդ քու հզօր թեւերուդ պաշտպանութեան տակ ա՛ռ։ Փրկէ՛ ներխուժող խուռնամբոխ պղտոր ցնորքներէն։ Կենացդ փայտով ամրապնդէ՛ մեզ, ով Արարիչ։ Դուն, մեզ որբ չձգեցիր եւ արդարներու օրինակով մեզ կ՚այցելես ու մեզ երբեք չես լքեր։ Դուն, քաւիչ, նորոգիչ, Փրկիչ, կեցուցիչ եւ կենդանարար, Ողորմած, խնամող, մարդասէր, անոխակալ, բազմագութ, օրհնեալ յաւիտեանս։

Իսկ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն ներշնչուած աղօթենք առ Աստուած ըսելով. «Աստուած իմ, որ բանաս զձեռն քո, եւ լնուս զամենայն արարածս ողորմութեամբ քով. քեզ յանձն առնէ զանձն իմ. դու հոգա՛ եւ պատրաստեա՛ զպէտս հոգւոյ եւ մարմնոյ մերոյ յայսըմհետէ մինչեւ յաւիտեան. եւ ողորմեա՛ քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս»:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Իսթանպուլ 23 Ապրիլ 2025

Տ. Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեան

Առաջնորդ`Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 08:38