Որոնել

2023.12.08 Preghiera alla Salus Populi Romani - Basilica Santa Maria Maggiore

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամայրը. Որդիի սէրը մօր հանդէպ

Կարդինալ Մարքիքաս բացատրեց, թէ ինչու Ֆրանչիսկոս Պապ որոշեց թաղուիլ Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի օգնական աւագերէց կարդինալ Մարքիքաս Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացին բացատրեց, թէ ինչու Ֆրանչիսկոս Պապ որոշեց թաղուիլ Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ՝ ուր կը գտնուին Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը, որուն մասնաւորապէս Ֆրանչիսկոս Պապ կապուած էր։։

Կարդինալ Մարքիքաս նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնի էր իր համեստ վերաբերմունքով եւ Տիրամօր հետ ունեցած իր սերտ յարաբերութիւններով։ Քահանայապետը Մարիա Մաճճորտ տաճարին մէջ կը թաղուի՝ համաձայն իր կտակին մէջ արտայայտած փափաքին։ Մարիա Մաճճորէ տաճարը 4-րդ դարուն կառուցուա Մարեմական մեծ պաշտամունքի վայր է եւ քրիստոնէական հաւատքի ու պատմութեան խորհրդանիշ։

Կարդինալ Մարքիքաս նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին այցը Սալուս Փոփուլի Ռոմանի՝ Սուրբ Ղուկասի աւանդութեան համաձայն նկարուած Մարիամ Աստուածածնի սրբապատկերի, հաւատքի եւ յոյսի ժեսթ է , որ կը գերազանէ ժամանակն ու տարածութիւնը։ Իր քահանայապետութեան ժամանակաշրջանին, Ֆրանչիսկոս Պապ 126 անգամ այցելեց Տիրամօր Տաճարը յաճախ՝ յատուկ ժամանակներուն, ինչպէս համաճարակի ժամանակ, երբ փափաքեցաւ որ Սալուս Փոփուլի Տիրամօր Սրբապատկերը ներկայ ըլլայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ թաղուելու որոշումը ծնած է Ֆրանչիսկոս Պապին երազէն, որուն մէջ Տիրամայրը ցոյց տուած է դամբարանի տեղը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խորանին եւ հոգեւորական վայրի մօտ ըլլալու իղձէն։

Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանը պարզ եւ էական է, պատրաստուած Լիկուրէն բերուած մարմարէ քարերէ, իր անունը կրող արձանագրութեամբ եւ քահանայապետական խաչով։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը փափաքէր համես վայր՝ առանց պատմական կառոյցը փոխելու եւ ընտրեց հանգչիլ Սալուս Փոփուլի Տիրամօր սրբապատկերին կողքին,որ ինք շատ կը սիրէր ու կը մեծարէր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2025, 07:40