Որոնել

2019.06.24 Viaggio Apostolico Papa Francesco In Armenia --visita Monastero Khor Virap 2016.06.26

«Այնտեղ ուր չկայ յիշողութիւն, կը նշանակէ որ չարը տակաւին բաց կը պահէ վէրքը». Ֆրանչիսկոս Պապ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապը հայող եղեռնը որակելով «Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն» դատապարտած էր նաեւ անոր ժխտումն ու մոռացումը հաստատելով. «Չարը թաքցնելը կամ ժխտելը, նման է վէրքի մը որ կը շարունակէ արիւնիլ»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր կը յիշատակուի Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակը, տարելից որ այս օրերուն, երբ աշխարհը կը սգայ հայասէր Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին մահը, մեր մտքերը կը մղէ տասը տարի առաջ 12 ապրիլի 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ Վատիկանի մէջ կայացած սուրբ պատարագին որուն ընթացքին Ան Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ հռչակեց Մեծն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ու համայն աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայոց մեծ եղեռնի եղելութեան ու հայ ազգին ապրած ողբերգութեան վրայ այդ ոճիրը որակելով «Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»։

«Ձեր ազգը լուսաւորուած Քրիստոսի լոյսով ու անոր շնորհքով, յաղթահարեց շատ մը փորձանքներ ու տառապանք, ոգեւորուած այն յոյսէն որ կու գայ Խաչէն» ըսած էր այդ առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «անցեալին մէջ պատահածին յիշողութիւնը կատարելը պարտաւորութիւն մըն է` ոչ միայն հայ ժողովուրդի ու տիեզերական Եկեղեցւոյ համար, այլ համայն մարդկային ընտանիքին համար, որպէսզի այն նախազգուշացումը, որ կու գայ այս ողբերգութիւնէն մեզ ազատէ նմանատիպ սարսափներու մէջ դարձեալ իյնալէ, որոնք կը վիրաւորեն Աստուած ու մարդկային արժանապատուութիւնը:»

Սրբազան Պապը նշած էր նաեւ թէ ժամանակակից աշխարհի մէջ եւս չեն պակսիր անարդարացի բռնութիւնները` զոր կոչուած են դիմակայել բոլոր անոնք` որոնք կը գտնուին Պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկին, առանց տրուելու փոխզիջումներու եւ երկիմաստութեան։

«Յիշել ձեր նախնիքներուն կրած հալածանքները անհրաժեշտ է, առ աւելին պարտաւորութիւն, քանի որ այնտեղ ուր չկայ յիշողութիւն, կը նշանակէ որ չարը տակաւին բաց կը պահէ վէրքը։ Նոյնն է նաեւ չարը թաքցնելը կամ ժխտելը, անիկա նման է թոյլ տալու` որ վէրք մը շարունակէ արիւնիլ առանց զայն դարմանելու», աւելցուցած էր իր սրտաբուխ, ոգեւորութեամբ լի եւ արի խօսքերուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը, իր սէրն ու յարգանքը ցուցաբերելով այն ազգին որ եղաւ առաջինը որ ողջագուրեց Քրիստոսին խաչը ու քալեց գողգոթայի ճանապարհին վրայ, հետեւելով Անոր որ ճշմարտութիւն է, ճանապարհ եւ կեանք` եւ նաեւ իւրաքանչիւր յոյսի աղբիւր։

Յարգանք բիւրաւոր մեր նահատակներուն։ Յարգանք հայասէր Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2025, 08:57