Որոնել

Վարդարանի աղօթք Ֆրանչիսկոս Պապին համար Մարիա Մաճճորէ տաճարի հրապարակին վրայ

Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած աղօթքները կը շարունակուին։ Մարիա Մաճճորէ տաճարին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ վարդարանի ջերմերանդական աղօթք նախագահութեամբ կարդինալ Թակլէին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 24 ապրիլին, Քահանայապետին վախճանումէն չորրորդ օրը, շարունակուեցաւ Քահանայապետին հոգիին նուիրուած աղօթքները։

Հռոմի մէջ Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ՝ ուր պիտի հանգչի Քահանայապետին մարմինը, հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթք, նախագահութեամբ Աւետարանումի վերատեսչութեան համա վերատեսուչ կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի։

Լոյսի խորհուրդներով արտասանուած վարդարանի աղօթքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ծիրանաւորը յիշեց, Յարուցեալ Յիսուսին առաքեալներուն ուղղած խօսք, որոնք ցնցուած էին Յիսուսի չարչարանքի իրադարձութիւններէն։  «Յիսուս», ըսաւ ծիրանաւորը «ինքզինք ճանչցուց ուտելով առաքեալներու հետ ու ձգելով, որ իրեն դպչին, բանալով առաքեալներուն սիրտին հորիզոնները Սուրբ Գիրքին բացատրութեան միջոզաւ, զանոնք ազատելու համար մահուան վախէն, ըսաւ կարդինալ Թակլէ ընդգծելով « Վարդապետը աշխարհ եկաւ մեզի կեանք պարգեւելու համար, կեանք մը որ վերջ չունի։ Կարդինալ Թակլէ ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Ֆրանչիսկոս Պապին Պապին համար հայցելով Սալուս Փոփուլի Ռոմանօ Տիրամօ հովանին։ Վարդարանի աղօթքը աւարտեցաւ “Salve Regina” աղօթքի երգեցողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 09:59