Որոնել

Լիկուրիա մարզէն բերուած մարմարէ քարերով շինուած Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանը Լիկուրիա մարզէն բերուած մարմարէ քարերով շինուած Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանը  

Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանը շինուած է իր պապիկներու քաղաքէն բերուած մարմարէ քարերով։

Իր պապիկներուն քաղաքէն բերուած մարմարէ քարերով շինուած Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանի ծախսերը հոգացած է անանուն բարերար մը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով Անոր մարմինը պիտի հանգչի Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ, ուր Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կատարած է իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութենէն առաջ եւ վերջ, աղօթելու եւ իր ճամբորդութիւնները յանձնելու համար Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր։ Տաճարին մէջ զետեղուած Պապին գերեզմանին ծախսերը հոգացած է անանուն բարերար մը։

Մարիա Մաճճորէ տաճարի մէջ գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանը պատրաստուած է Իտալիոյ Լիկուրիա մարզէն բերուած մարմարէ քարերով, որոնք ըստ աւանդութեան եւ այդ շրջանին քաղաքացիներուն վկայութեամբ կը խորհրդանշեն միութիւն եւ դիմադրութիւն ու կը յիշեցնեն ֆրանչիսկոս Պապին նախնիները, որոնք ապրած են այդ շրջաններու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանեկան ծագումը սկիզբ առած է անոր նախահայրերէն՝ Վինչենցօ Սիվորի եւ Քաթերինա Սթուրքա, որոնք Իտալիայէն գաղթած են դէպի Արժանթին, ուր ծնած է Ֆրանչիսկոս Պապին հայրը 1850 թուականին։

Այս պատմութեան բացայայտումը յուզմունքով կիսուած է Լիկուրիա մարզին մէջ ապրող քաղաքացիներէ, որոնց շարքին Պապին զարմուհին Քրիսթինա Կոկորօ։ 2017ին, Ճենովա քաղաք այցելութիւնը եւ Թիկուլլիօ շրջանէն նուիրուած մարմարէ քարերը կ՝ամրապնդեն Քահանայապետին ու Անոր հայրենիքի միջեւ կապը։

Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ զետեղուած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը յատուկէն թանկարժէք է ժողովրդական բարեպաշտութեան եւ Պապերու համար։ Աւանդութեան համաձայն այդ Տիրամօր սրբապատկերը դէպի տաճար փոխադրուած է երեք օր շարունակ անցնելով քաղաքի ճամբաներէն, որուն առջեւ Գրիգոր քահանայապետը (590-604) կանգնած ու աղօթած է ժանտախտի դադրեցման համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը քահանայապետութեան ժամանակաշրջանին իր բոլոր առաքելական ճամբորդութիւնները յանձնած է Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր ու թողած կտակով խնդրած է,  որ իր մարմինը հանգչի այդ միւենոյն տաճարին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 12:37