Կարդինալ Ռէյնա. Հռոմը կը սգայ իր եպիսկոպոսին մահը։ Անմարդկային յատկանիշներով աշխարհին անհրաժեշտ է ուղեցոյց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի երրորդ օրը, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուեց Հռոմի թեմի փոխանորդ կարդինալ Պալտասար Ռէյնա։ Արտասանած քարոզին մէջ ծիրանաւորը յանձնարարեց պապընտիր կարդինալները փնտռելու հովիւ մը՝ բարեփոխումները համակարգելու եւ զատորոշելու համար ինչպէս նաեւ շարունակելու Արճանթինցի Պապին կողմէ ձեռնարկուած գործընթացները՝ առանց հետեւելու աշխարհիկ յարմարութիւններուն եւ գաղափարախօսական պնդումներուն, որոնք կը խաթարեն Քրիստոսի մէջ միութիւնը։
Կարդինալ Ռէյնա հրաւիրեց եպիսկոպոսներն ու կարդինալները որոնելու Յիսուսի հայեացքով հովիւ մը, որ կարող է կառավարել վախերը եւ առաջնորդել Աւետարանին համապատասխան՝ առանց իշխանութեան տրամաբանութեան կամ յարմարութեան դաշինքներուն։ «Ցորենի հատիկի առակը, որ կը մեռնի պտուղ տալու համար կ՝ընդգծէ հովիւի սէրը հօտի նկատմամբ, որ այժմ կորսուած է ու առանց առաջնորդի է այրուող աշխարհին մէջ» ըսաւ Կարդինալ Ռէյնա։
Հռոմի թեմի փոխանորդը հրաւիրեց ծիրանաւորները պահպանելու Յիսուսի խօսքերու նկատմամբ հաւատքը ու կարեկցանքով եւ ողորմութեամբ հոգ տանիլ ոչխարներու։
«Եկեղեցին պէտք է ըլլայ լսողութեան, կարեկցանքի եւ աւետարանի հանդէպ հաւատարմութեան ապաստան՝ առանց խոնարհելու աշխարհիկ տրամաբանութեան եւ կամ իշխանութեան գայթակղութիւններուն առջեւ, այլ հաւատարիմ մնայ Աւետարանը հռչակելու առաքելութեան», ըսաւ իր քարոզին մէջ Հռոմի թեմի փոխանորդ կարդինալ Պալտասար Ռէյնա։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ