Աղքատներու ու կարիքաւորներու խումբ մը Մարիա Մաճճորէ տաճարին մօտ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին հրաժեշտ տալու համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Աղքատները Աստուծոյ սրտին մէջ ունին առանձնայատուկ տեղ» ու նաեւ Սրբազան Պապի սրտին ու Անոր վարդապետութեան մէջ, որ ընտրեց Ֆրանչիսկոս անունը որպէսզի երբեք չմոռնայ զանոնք։ Այս պատճառաւ, աղքատներու եւ կարիքաւորներու խումբ մը, ներկայ պիտի գտնուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի աստիճաններուն վրայ, վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու Ֆրանչիսկոս Պապին` Անոր թաղման արարողութիւնէն առաջ» նշուած է այսօր հրատարակուած Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։
Վերոնշեալ ձեռնարկի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ շնորհեց Գերապ. Պենոնի Ամպարուսը` Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի գաղթականներու յանձնախումբի քարտուղարը, ան որ անցեալ 26 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին կողքին կը գտնուէր երբ Ան Ռեպիպիա բանտին Սուրբ Դռան բացումը կատարեց։
Այս կարիքաւորները Քահանայապետը պիտի ընկալեն սպիտակ վարդով մը, Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի աստիճաններուն վրայ, մէկ կողմէն անոր ըսելու բարի եկար տուն` որովհետեւ Ան կը վերադառնայ Հօր տունը միւս կողմէն որպէս շնորհակալութիւն այն ամէն բաներուն համար զոր Ան ըրաւ իրենց ի սպաս։ Անոնք զաւակներ են որ կ՛ողջունեն իրենց հայրը» յարեց յուզմունքով գերապայծառ Ամպարուսը։
Նշենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքը եղած է թաղուիլ Սանթա Մարիա Մաճորէ, քահանայապետական պազիլիքային մէջ Cappella Paolina (Salus Populi Romani մատուռ) և Cappella Sforza-ի միջև:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ