Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ   (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութիւնը թիւերով

Ֆրանչիսկոս քահանայապետը պատմութեան մէջ եղաւ 266-րդ Հռոմի պապը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան շրջանը տեւեց 12 տարի՝ սկսած 2013 թուականին մարտ 13ին, աւարտած երկուշաբթի, 2025 թուականին ապրիլ 21ին։
Անոր մահով՝ 4442 օր, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը պատմութեան մէջ եղաւ 266-րդ Հռոմի պապը։

Առաքելական եւ հովուական ծառայութեան ճամբորդութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց 47 առաքելական ճամբորդութիւններ, որոնց ընթացքին այցելեց 66 երկիրներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Ովկիանոս։ Առաջին ճամբորդութիւնը կատարեց 2013ին յուլիս ամիսը՝ Քահանայապետ ընտրուելէ մի քանի ամիս ետք, երբ Պրազիլ այցելեց նախագահելու համար երիտասարդաց համաշխարհային օրը։ Մինչ վերջին առաքելական ճամբորդութիւնը Ֆրանչիսկոս կատարեց դէպի Քորսիքա, դառնալով պատմութեան մէջ առաջին Պապը այցելած է այդ երկիրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց նաեւ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ, երեք անգամ այցեելց ՖԱՕ, երկու անգամ ՄԱԿ, մէկ անգամ Եւրոպայի խորհրդարանը եւ մէկ անգամ համաշխարհային Պարէնի ծրագիր (PAM)։
Նորին Սրբութիւնը Իտալիոյ մէջ կատարեց 40 հովուական այցելութիւնները՝ 49 տարբեր քաղաքներու մէջ։։

Շրջաբերական թուղթեր

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրեց չորս շրջաբերական թուղթեր։ Առաջինը «Lumen Fidei - Հաւատքի լոյս» 29 յունիս 2013ին,երկրորդը՝ «Laudato si - Գովեալ ըլլաս»՝ 24 մայիս 2014ին, երրորդը «Fratelli tutti» 3 հոկտեմբեր 2020ին, չորրորդը՝« Dilexit nos Մեզ սիրեց» 24 հոկտեմբեր 2024ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է 4 առաքելական , երկու քահանայապետական կոնդակներ եւ 8 առաքելական յորդորներ։

Կարդինալներուն ստեղծումը

Ամբողջութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ անուանած է 140 ծիրանաւորներ, որոնցմէ 110 Պապ ընտրելու իրաւունք ունեցող կարդինալներ են։

Յոբելինական տարիները

Ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ երկու Յոբելինական տարիներ։ Առաջին՝ ողորմածութեան յոբելինական տարի զոր տեղի ունեցաւ 2015 թուականին, մարտ ամիսէն մինչեւ 29 նոյեմբեր։

Մինչ երկրորդը՝ սովորական յոբելինական տարին է, որ սկիզբ առաւ անցեալ 24 դեկտեմբերին եւ պիտի աւարտի 6 յունուար 2026ին։

Գիրքեր

Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութեամբ հրապարակուած են 50 գիրքերը։ Պապ ընտրուելէ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրատարակած է Սպաներէն լեզուով 17 հատորները։ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին գիրքի վերնագիրն է «Spera» յուսայ, որ ինքնակենսագրական է՝ հրապարակուած անցեալ 14 յունուարին։

Ընկերային հաղորդակցութեան ցանցեր

Ֆրանչիսկոս պապին ինը պաշտօնական ընկերային ցանցերը գրուած են ինը տարբեր լեզուներով։ Իքս ցանցը ունին շուրջ 52,1 հետեւորդներ, մինչ Քահանայապետին «Ինսթակրամ ցանցը ունի շուրջ 9,7 միլիոն հետեւորդներ։

Պատմութեան մէջ ամենաերկարատեւ քահանայապետական շրջանը՝ 31 տարի եղած է Իտալացի Պիոս ԺԶ պապինը, ամենակարճը 33 օր, Յովհաննէս Պօղոս Ա պապինը, որ մահացաւ 65 տարեկանին, 1978 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2025, 13:38