Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապին ուսուցումները իր առաքելական նամակներուն եւ շրջաբերականներուն միջոցաւ

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակած չորս շրջաբերականներն ու եօթը առաքելական նամակները՝ համառօտ կերպով
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ստորեւ հակիրճ կերպով կը ներկայացնենք ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակած չորս շրջաբերականները եւ եօթը առաքելական նամակները

Evangelii gaudium - Աւետարանի ուրախութիւն

24 նոյեմբեր 2013 թուականին հրապարակած Աւետարանի ուրախութեան մասին գրած առաքելական նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՝անդրադառնայ նոր աւետարանումի, եկեղեցին դուրս ելլելու, ընկերային եւ մարդկային արուարձաններուն, միսիոնարկան հոգեւորականութեան, ժողովրդական բարեպաշտութեան, քաորզին, շնորհապարգեւի, երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ Սուրբ Հոգիին հետ աւետարանելու մասին։

«Աւետարանի Ուրախութիւնը» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրած պաշտօնական առաջին փաստաթուղթը, որուն մէջ կ՝ընդգծէ իր քահանայապետութեան առաջնահերթութիւնները` ինչպէս դէպի դուրս Եկեղեցին, արուարձաններու նկատմամբ ուշադրութիւն, հաւատքին մշակութայնացում, Աւետարանի ընկերային չափանիշը։

«Աւետարանի ուրախութիւնը այն ուրախութիւնն է, որ ոչինչ և ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել (Յովհ. 16.22): Աշխարհի և Եկեղեցւոյ չարիքները պէտք չէ պատրուակ ըլլան՝ նուազեցնելու մեր յանձնառումն ու մեր եռանդը: Եկէք զանոնք դիտարկենք որպէս աճելու համար մարտահրաւէրներ։ #EvangeliiGaudium»։

Ֆրանչիսկոս Պապը արդարեւ քրիստոնեաները կը հրաւիրէ «աւետարանութեան նոր սլացքի մը», անոնցմէ պահանջելով Եկեղեցի մը` որ ըլլայ միսիոներական, խրախուսելով եկեղեցական վերանորոգում մը եւ քաջալերելով երկխօսութիւնը` որպէս խաղաղութեան ի սպաս ներդրում։

Lumen Fidei - Հաւատքի լոյս։ Այս կոնդակը հրապաուեցաւ 29 յունիս 2013ին։

''Հաւատքի Լոյս'' շրջաբերական թուղթը ունի չորս գլուխներ եւ ինչպէս կը բացատրէ ֆրանչիսկոս Պապը ներածականին մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ շարադրուած է Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ։ Բնագիրին, քահանայապետը աւեցուցած է այլ հատուած մը ''լրացուցիչ ներդրումներ'' վերատառութեամբ։ Շրջաբերական թուղթի կէտնպատակն է վերագտնել հաւատքը բնորոշող լոյսը որ կարող է համայն մարդկային էութիւնը լուսաւորել։

Ով որ կը հաւատայ միայնակ չէ որովհետեւ հաւատքը հասարակաց բարիք մըն է որ կ՛օժանդակէ կերտելու մեր ընկերութիւնները, յոյս ներշնչելով։ Այս է ''Հաւատքի Լոյս - Lumen fidei'' շրջաբերական թուղթի կեդրոնական իմաստը։

Հաւատքի ճշմարիտ վկան Յիսուսն է, որ որպէս Աստուած կը գործէ պատմութեան մէջ։ Ինչպէս մեր առօրեայ կեանքին մէջ կը վստահինք ճարտարապետին, դեղագործին, փաստաբանին որ մեզմէ աւելի գիտակից են. այնպէս հաւատքի համար վստահելու ենք Յիսուսի որ Աստուածային իրողութիւններու մասնագէտ է։ Հաւատքը առանց ճշմարտութեան փրկարար չէ - կ՛ընդգծէ քահանայապետը - նա մանաւանդ այսօր որ ճշմարտութեան տագնապի մէջ կ՛ապրինք։ Ճշմարտութիւնը որ կը բխի Աստուծոյ սէրէն չի պարտադրուիր ուժգնութեամբ եւ չի ոտնակոխեր անհատը ու բանականութեան եւ հաւատքի միջեւ երկխօսութիւնը կարելի կը դարձնէ։ Անհրաժեշտ է առ այդ աւետարանացումը, որ քրիստոնեաներու դէմքին վրայ շողշողացող Յիսուսի լոյսն է որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ հաւատքի վկաներու միջոցաւ։ Հասարակաց բարիքի կերտման ու հաւատքի միջեւ կապը՝ եւս զօրաւոր է։ Հաւատքը կ՛ամրապնդէ մարդոց միջեւ կապերը եւ արդարութեան, իրաւունքի ու խաղաղութեան ի սպաս կը գործէ։

Laudato Si  -Գովեալ Ըլլաս, հրապարակուած 24 մայիս 2015ի՝ նուիրուած ընդհանուր տան պահպանութեան

18 յուլիս 2015-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հասարակաց օճախին խնամքին հայող ''Գովեալ ըլլաս'' վերտառութեամբ շրջաբերական թուղթը, որ մեծ արձագանք ունեցաւ եւ որուն կէտ նպատակն է նպաստել ոչ միայն բնապահպանութեան հարցին այլեւ մարդկային կենսոլորտի բարելաւման` պաշտպանելով անոր հոգեւոր, բարոյական եւ կրօնական բոլոր արժէքները։ Շրջաբերականը չէ ուղղուած միայն կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ աշխարհին եւ կամ միայն բարի կամք ունեցող մարդոց, այլ բոլորին անխտիր։

Amoris Laetitia- Սիրոյ ուրախութիւնը 

Amoris Laetitia- Սիրոյ ուրախութիւնը շրջաբերականը հրապարակուեցաւ 19 մարտ 2016ին, նուիրուած ընտանիքին եւ սիրոյ ուրախութեան։

Amoris Laetitia- Սիրոյ ուրախութիւնը բնաբանը շարունակութիւնն է` Աւետարանի ուրախութիւն առաքելական յորդորագիրին։ Աւետարանի ուրախութենէն դէպի սիրոյ ուրախութիւնը ընտանիքին մէջ։ Անոր ընթերցումի բանալին կը գտնուի ''ողորմութեան հովուական խնամատարութեան տրամաբանութեան մէջ'' կազմուած է 9 գլուխներէ, ստորաբաժանուած 325 թիւերով եւ 391 ծանօթագրումներով եւ Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած եզրափակիչ աղօթքէ։

Ինը գլուխներու ընթերն են` Նախաբանը` ներշնչուած Սուրբ Գրային ընթերցումներէն, ապա Ընտանիքի այժմէական իրավիճակը (Բ)­, հուսկ ընտանիքը Եկեղեցւոյ վարդապետութեան լոյսին տակ (Գ)։ Չորրորդ գլուխին մէջ կը խօսուի Ամուսնութեան սիրոյ մասին որ պտղաբեր կը դառնայ ընտանիքի կազմութեան մէջ (Ե), սոյն նիւթը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ յորդորագիրին մէջ։ Յաջորդ գլուխներուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ հովուական ուղեցոյց մը` կազմելու համար հաստատ եւ պտղաբեր ընտանիքներ, Աստուծոյ ծրագրին համաձայն (Զ ), ինչպէս նաեւ ամրապնդելու զաւակներու դաստիարակութիւնը (Է)։ Ութերորդ գլուխը հրաւէր մըն է Ողորմութեան եւ հովուական խնամակալութեան, ի տես այն կացութիւններուն, որոնք ամբողջութեամբ չեն համապատասխաներ Տիրոջ առաջարկներուն, մինչ իններորդ գլուխը յատկացուած է ընտանիքի հոգեւորութեան։

Gaudete et exultate 19 marzo 2018 «Ուրախացէք եւ Ցնծացէք

«Ուրախացէք եւ Ցնծացէք» յորդորագիրը Հրպարակուեցաւ 19 մարտ 2018ին՝ նուիրոած Սրբութեան կոչումի

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գահակալութեան օրէն ի վեր միշտ անդրադարձած է սրբութեան հարցին, շեշտելով թէ Եկեղեցին կարիքն ունի սուրբերու եւ ոչ մեծաւորներու եւ թէ Եկեղեցին «բոլորին կը հրամցնէ կարելիութիւնը՝ քալելու սրբութեան ճանապարհէն, որ քրիստոնեայի ճանապարհն է»։ Եկեղեցին չի մերժեր մեղաւորները, այլ կ՛ընդունի զանոնք եւ կը հրաւիրէ որ վարակուին Աստուծոյ սրբութեամբ։

Սուրբ կը դառնանք ապրելով երանութիւնները, որոնք աշխարհի ուղղութեան հակահոսանք ճանապարհ մըն են։ Սուրբ կը դառնանք բոլորս որովհետեւ Եկեղեցին միշտ ալ սորվեցուցած է թէ սրբութիւնը տիեզերական կոչում մըն է, եւ այս մէկը ի յայտ կու գայ մեր մէջ գտնուող սուրբերէն, որոնք յաճախ մեր դրացիներն են։ Սրբութեան կեանքը սերտօրէն կապուած է ողորմութեան ապրումին, որ է «երկնքի բանալին»։ Ուրեմն սուրբ է այն անձը որ գիտէ յուզուիլ ու կը գործէ՝ օգնութեան հասնելու համար թշուառներուն ու դարմանելու խեղճութիւնները։ Սուրբ է ապա Ան որ արագընթաց ու բռնութեամբ յատկանշուած աշխարհի մէջ կարող է «ուրախութեամբ ու զուարթութեամբ ապրիլ կեանքը։ «Ուրախութեան հոգիէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ կու տայ իր վերջին առաքելական յորդորագիրին որուն բնաբանն է “Gaudete et exsultate - Ուրախացէք եւ Ցնծացէք»։ Խօսքեր զոր Յիսուս ուղղած է անոնց որոնք իր պատճառաւ կը հալածուին ու խոնարհեցումի կ՛ենթարկուին

Յորդորագիրը կազմուած է 5 գլուխներէ եւ 44 էջերէ որոնց ընդմէջէն Քահանայապետը շեշտը կը դնէ ի իր քահանայապետութեան առաջնահերթ հանդիսացող ուսուցումին վրայ՝ թէ Եկեղեցին մօտիկ ըլլալու է Քրիստոսի տառապող մարմնին։ Ան ապա դիտել կու տայ թէ յորդորագիրի 177 հատուածները՝ սրբութեան մասին պայմանագիր մը չեն, այլ ձեւ մը «անգամ մը եւս հնչեցնելու սրբութեան կոչումը» բացայայտելով անոր արկածախնդրութիւնները, մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները»։

Christus Vivit. «Քրիստոս կ՛ապրի»

Սոյն յորդորգիրը հրապարակուած է 25 մարտ 2019ին։ Երիտասարդներու նուիրուած առաքելական նամակ, երիտասարդներու նուիրուած սինոդէն  ետք։Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն յորդորագիրը կը հրապարակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մահուան տարեդարձին օրը։ Քահանայապետը որ 1985-ին առաջինը եղաւ որ նամակ մը գրեց աշխարհի երիտասարդներուն։

«Քրիստոս կ՛ապրի։ Ան մեր յոյսն է ու այս աշխարհի ամենագեղեցիկ երիտասարդութիւնը։ Ամէն բան որուն Ան կը դպչի երիտասարդ կը դառնայ, նոր կը դառնայ, ու կեանքով կը լեցուի։ Ասոր համար, ահա առաջին բառերը որ կ՛ուղեմ ամէն մէկ քրիստոնեայ երիտասարդի «Ան կ՛ապրի եւ կ՛ուզէ որ դուն ալ ապրիս»։  

Այս բառերով է որ կը սկսի «Քրիստոս կ՛ապրի» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յետ-սիւնհոդոսական առաքելական նամակ - յորդորագիրը, ուղղուած երիտասարդներուն ու համայն Աստուծոյ ժողովուրդին, զոր Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց, անցեալ 25 մարտ 2019-ին, Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ եւ որ հանրութեան ներկայացուեցաւ այսօր՝ երեքշաբթի 2 Ապրիլ 2019-ին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնական սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին,  որուն առթիւ իր ունեցած ելոյթին մէջ՝ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը՝ Կարդինալ Պալտիսսերի յայտնեց թէ սոյն փաստաթուղթը մօտ ապագայի համար «անկիւնաքար» մըն է ու երիտասարդներու հովուական խնամակալութեան ուղիով հիմնական ուղեցոյց։

Querida Amazonia . Ամազոնի նուիրուած շրջաբերկանը, ամազոնին նուիրուած սինոդէն ետք։

Ամազոնի մասին հրապարակած Ֆրանչիսկոս Պապին յ ետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը  բաղկացած է նախաբանէ, չորս գլուխներէ եւ վերջաբանէ մը։ Անոր մէջ պարունակուած են նոր ուղիներ հայող աւետարանութեան, բնութեան պահպանումին ու աղքատներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապը կը մաղթէ նոր միսիոներական սլացք ու կը քաջալերէ աշխարհականներուն դերը՝ եկեղեցական հասարակութիւններէն ներս։

Առաջին կէտերուն մէջ (2-4) Սրբազան Պապը կը բացատրէ այդ «յորդորագիրին իմաստը», մատնանշելով Ամազոնի Երկիրներու՝ Եպիսկոպոսական համահաւաք ժողովներու փաստաթուղթերու, ու նաեւ Ամազոնի տարածաշրջանին հետ կապ ունեցող հեղինակներու բանաստեղծութիւններուն։

Սրբազան Պապը կ՛ընդգծէ թէ ինք կ՛ուզէ արտայայտել արձագանգները՝ որ Սիւնհոդոսը հրահրեց իր մէջ, յստակացնելով թէ ինք միտք չունի՝ ոչ փոխարինելու եւ ոչ ալ կրկնելու սիւնհոդոսէն բխած աւարտական փաստաթուղթը, ու հրաւէր կ՛ուղղէ այդ փաստատուղթը կարդալ ամբողջութեամբ, յոյս յայտնելով որ եկեղեցին՝ անոր հիման վրայ թոյլ տայ «հարստանալ ու ինքզինք հարցաքննել», ապա Ամազոնի Եկեղեցին յանձնառու ըլլայ՝ զայն ի գործ դնելու։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը կիսէ իր «Ամազոնի համար Երազանքները» (5-7), «որուն ճակատագիրը պէտք է մտահոգէ բոլորս, որովհետեւ այդ աշխարհը նաեւ մերն է»։ Այս ուղղութեամբ Ան կ՛առաջարկէ չորս մեծ երազանքներ. «Որպէսզի Ամազոնը պայքարի աղքատներու իրաւունքներուն համար».«Ան պաշտպանէ մշակութային հարստութիւնները». «նախանձախնդրութեամբ պահպանէ բնական անդիմադրելի գեղեցկութիւնը» եւ ի վերջոյ որպէսզի «քրիստոնեայ հասարակութիւնները՝ ըլլան կարող յանձնառու ըլլալու Ամազոնի համար ու մարմնանալու Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ»։

Fratelli Tutti շրջաբերականը նուիրուած: Եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան 

“Fratelli tutti” տիտղոսն է զոր Քահանայապետը որոշեց տալ իր նոր շրջաբերականին, որ նուիրուած է ինչպէս կը կարդանք ենթատիտղոսին մէջ, «եղբայրութեան» եւ «ընկերային բարեկամութեան»։ Բնագիր տիտղոսը պիտի մնայ նոյնը՝ տպագրուած բոլոր լեզուներուն մէջ, առանց թարգմանութեան։ Ինչպէս ակնյայտ է նոր շրջաբերականի առաջին բառերը ներշնչուած են Ասսիզիի Մեծ Սուրբին, որմէ Սրբազան Պապը ընտրած է իր անունը։

Քահանայապետը, որ պատմութեան մէջ առաջինն է, որ ընտրեց Ասսիզիի աղքատիկին անունը, յատուկ կապ ունի սուրբին քաղաքին ու սրբավայրին հետ եւ առաջին քահանայապետն է՝ որ այդ վայրին մէջ կը ստորագրէ շրջաբերական մը։

Շրջաբերական թուղթը նամակ մըն է, զոր Քահանայապետը կ՛ուղարկէ եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ անոնց միջոցաւ բոլոր հաւատացեալներուն եւ կը պարունակէ հովուական պատգամ մը։ Ան ցոյց կու տայ մարդկութիւնը յուզող կարեւորագոյն հարցերու վերաբերող ուղին։ Ասիկա Քահանայապետին երրորդ շրջաբերականն է, որուն տիտղոսը կը մնայ իտալերէն «Fratelli tutti» առանց թարգմանութեան, մինչ ենթատիտղոսն է «Եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան համար»։

Laudate Deum - «Աստուած Գովաբանեցէք

4 հոկտեմբեր, 2023ին հրպարակուած Laudate Deum - «Աստուած Գովաբանեցէք»Կլիմային տագնապին նուիրուած շրջաբերականնը։

«Աստուած Գովաբանեցէք» անուանումն է այս նամակին, որովհետեւ մարդ էակ մը, որ յաւակնութիւնն ունի Աստուած փոխարինելու, կը դառնայ իր անձի ամենավատ թշնամին»: Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛աւարտէ 4 Հոկտեմբեր 2023ին հրապարակուած իր առաքելական յորդորագիրը, որ շարունակութիւնն է եւ ամբողջացումը 2015ի «Laudato si' - Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակին եւ կազմուած է 6 գլուխներէ եւ 73 ենթագլուխներէ, ուր Սրբազան Հայրը՝ Տուպայի մէջ կլիմայական փոփոխութեան նուիրուած COP28ի առաջիկայ խորհրդաժողովին ընդառաջ, համապատասխանատուութեան կոչ կ՛ուղղէ ի դէմս կլիմայական փոփոխութեան հրատապութեան:

Կլիմայի փոփոխութեան նշանները երթալով աւելի ակնյայտ կը դառնան։ Առաջին գլուխին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը բացատրէ թէ «կլիմայի փոփոխութեան նշանները աւելի ու աւելի ակնյայտ են», որքան ալ, որ փորձ բանեցուի այդ մէկը հերքելու: Աւելին՝ «մարդու ազդեցութեամբ կլիմայական որոշ փոփոխութիւններ, զգալիօրէն կ’աւելցնեն առաւել յաճախակի եւ ծայրայեղութեան աստիճան զօրեղ իրադարձութիւններու հաւանականութիւնը», որոնք են անկանոն շոգը, երաշտը եւ այլն:

C’est la confiance - Վստահութիւնն է 

15 հոկտեմբեր 2023ին, Մանուկ Յիսուսի Թերեզային ծննդեան 150 ամեակի նուիրած Ֆրանչիսկոս Պապին  շրջաբերականը

«Վստահութիւնն է և ոչ ուրիշ բան քան վստահութիւնը, որ մեզ պէտք է տանի դէպի Սէրը»: 1896 թուականի սեպտեմբերին Մանուկ Յիսուսին Եւ Սուրբ Դէմքի Սրբուհի Թերեզայի կողմէն գրուած այս խօսքերուն է` որ կը ներշնչուի Քահանայապետի առաքելական յորդորի բնաբանը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ նուիրած է Լիզիէօյի սրբուհիին: Նամակին մէջ Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ պատմութեան ընթացքին Քահանայապետերուն կողմէ Սրբուհիին վկայութեան վերապահուած արժեւորումներուն` սկսեալ Լեւոն ԻԳ Քահանայապետէն որ անոր արտօնութիւն շնորհեց 15 տարեկանին մտնելու Վանք, ապա Պիոս ԺԱ Պապը, որ զայն Սրբուհի հռչակեց 1925 թուականին ապա 1927 առաքելութիւններու պաշտպան սրբուհի, հուսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, որ 1980 թուականին զայն հռչակեց Եկեղեցւոյ Վարդապետ ։ Միսիոներական հոգիի մը սէրը Յիսուսին հանդէպ։ Սրբուհի Թերեզինան իր խցիկին մէջ գրած էր. «Յիսուսն է իմ միակ սէրը» (8) եւ վերլուծելով անոր հոգեւոր փորձառութիւնը Սրբազան Պապը նկատել կու տայ։ Յիսուսին հետ հանդիպումը «զայն կը կոչեր առաքելութեան», մինչեւ այն աստիճան որ Ան չէր կարող պատկերացնել «իր Աստուծոյ նուիրումը առանց իր եղբայրներու բարօրութիւնը փնտռելու»։ Ան արդարեւ Կարմեղեան Վանք մտած է «փրկելու համար հոգիները» (9)։

DILEXIT NOS . Ան մեզ սիրեց» շրջաբերականը նուիրուած Յիսուսի սուրբ սիրտի աստուածային եւ մարդկային սէրին։

«Dilexit nos – Ան մեզ սիրեց» այս է Քահանայապետին չորրորդ շրջաբերականին վերնագիրը` զոր լոյս տեսաւ ու ներկայացուեցաւ ` 24 Հոկտեմբերի 2024ին, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛անդրադառնայ «Յիսուս Քրիստոսի սրտի մարդկային և աստուածային սիրոյ մասին», հրաւիրելով նորոգել Անոր հանդէպ իսկական նուիրումը, որպէսզի չմոռնանք հաւատքին քնքշութիւնն ու ուրախութիւնը ու մենք մեզ դնելու ծառայութեան տակ. որովհետև Յիսուսին սիրտը մեզ կը մղէ սիրելու ու երթալու դէպի եղբայրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2025, 13:31