Որոնել

2025.04.23 Rosario per Papa Francesco Reina

Կարդինալ Ռէյնա. Կեանքն է եւ ոչ թէ մահը վերջին խօսքը

Santa Maria Maggiore տաճարի տարածքին Սուրբ Վարդարանի աղօթք` վասն Ֆրանչիսկոս Պապի հոգւոյն հանգստեան։ «Այս տխրութեան յատուկ պահուն, մեր սիրելի Հայր Ֆրանչիսկոսի այս աշխարհէն մեկնումին պատճառաւ, կ՛ուզենք Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին աղօթել, որպէսզի մեզի օգնէ այս ցաւը փոխելու յոյսի»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 23 ապրիլ 2025 երեկոյեան ժամը ինին, Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին հոգւոյն հանգստեան, զոր գլխաւորեց Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնան մասնակցութեամբ հարիւրաւոր հաւատացեալներու։

Աղօթքին սկիզբը Ան արտասանեց հետեւեալ խօսքերը.

«Եղբայրներ և քոյրեր, նման Էմմաւուսի աշակերտներուն, յաճախ մեր աչքերը եւս կարող են չճանչնալ Յիսուսը, փորձութեան պահուն: Զատիկի փորձառութիւնը նոր պատասխան կու տայ անոնց, որոնք կասկածի տակ կը դնեն տառապանքի և մահուան իմաստը: Փորձուած և հանգած սիրտը կը սկսի նորէն վառիլ միայն այն ժամանակ, երբ մենք թոյլ կու տանք որ հաւատքը լուսաւորէ զայն: Այս տխրութեան յատուկ պահուն, մեր սիրելի Հայր Ֆրանչիսկոսի այս աշխարհէն մեկնումին պատճառաւ, կ՛ուզենք Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին աղօթել, որպէսզի մեզի օգնէ այս ցաւը փոխելու յոյսի ու հաւատալու որ կեանքն է եւ ոչ թէ մահը` վերջին խօսքը։ Մայր Յոյսի բարեխօսէ մեզի համար»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2025, 21:51