Կարդինալներուն յարգանքի տուրքը Ֆրանչիսկոս Պապին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 27 ապրիլի յետմիջօրէին Կարդինալական դասի անդամները այցելեցին Մարիա Մաճճորէ տաճարը, այցելելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին շիրիմը յարգանքի տուրք մատուցելով Անոր ապա մասնակցեցան ժամասացութեան արարողութեան` զոր գլխաւորեց Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի օգնական աւագերէց` Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասը։
Կարդինալները Մարիա Մաճճորէ տաճար ժամանեցին կէսօրէն ետք ժամը չորսի ժամանակները, եւ անցնելով պազիլիքայի Սուրբ Դռան տակէն թափօրով ուղղուեցան դէպի Քահանայապետի դամբանը, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին Ֆրանչիսկոս Պապին ապա մուտք գործեցին Պօղոսեան մատուր, ուր պահպանուած է Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը, որ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին խօսող սրբապատկերն էր եւ զոր Ան այցելած էր 126 անգամ իր Քահանայապետութեան ընթացքին, յատկապէս իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութիւններէն առաջ եւ ետքը։
Ծիրանաւորները իրենց հայեացքը ուղղած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի պատկերին զոր աւանդութիւնը կը վերագրէ Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչին, աղօթեցին միասին, լռութեամբ։ Ապա փոխադրուեցան պազիլիքայի կեդրոնական խորանի տարածքին ուր տեղի ունեցաւ ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Հաւատացեալներ` որոնց հոսքը չդադրեցաւ, առաւօտեան ժամը եօթէն սկսեալ, եւ Պազիլիքայի պատասխանատուները մղեց դռները բաց պահելու մինչեւ գիշերուայ ժամը 10, թոյլ տալով որ քսան հազարի մօտ հաւատացեալներ կարողանան այցելել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դամբանը։
Ժամասացութեան ընթացքին աղօթքներ բարձրացան տարբեր լեզուներով, դիտաւորութիւն ունենալով Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէսզի «Յարուցեալ Տէրը, զինք ընդունի իր լոյսի եւ խաղաղութեան բնակարանին մէջ»։
Արարողութիւնը տեւեց գրեթէ կէս ժամ որմէ ետքը կարդինալները լքեցին Պազիլիքան ու փոխադրուեցան Վատիկան ուր երկուշաբթի առաւօտեան նախատեսուած է անոնց Պապընտիր նախապատրաստական հինգերորդ ժողովը, առ ի պատրաստութիւն Պպաընտիր Կարդինալական Ժողովին, ընտրելու համար Սուրբ Պետրոսի 267-րդ յաջորդը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ