Աղօթքներ ու պատարագներ նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապի հոգւոյն հանգստեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մինչ Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկոն Կարդինալական դասի անդամներուն հետ միասին կը կատարեն Թափուր Աթոռի պարագային «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութենէն իրենց վստահուած պարտականութիւնները, որոնց շարքին յիշենք հանգուցեալ Քահանայապետի աճիւններու փոխադրման կարգի, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի թուականներն ու կարգադրութիւնները, ապա, Կարդինալական Միաբանական ժողովեր գումարելը ու նոր Քահանայապետի ընտրական գործընթացի սկզբնաւորման օրն ու ժամը սահմանելը, Աստուծոյ Ժողովուրդը կը շարունակէ իր աղօթքները բարձրացնել առ Աստուած, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, առ ի շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին նման հովիւ մը պարգեւած ըլլալուն համար ապա անոր հոգւոյն հանգստեան համար, ինչպէս պատահեցաւ երէկ երեկոյեան` Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ ուր, շաբաթ 26 ապրիլին պիտի հանգչին Քահանայապետին աճիւնները։
Արդարեւ տաճարի կեդրոնական խորանին վրայ զետեղուած Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին դիմաց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը գլխաւորեց Սուրբ Վարդարանի ջերմերանդական աղօթքը, մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած վարդարանի աղօթքը նախագահեց Կարդինալական դասի Աւագերէցը` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէ, մասնակցութեամբ հարիւրաւոր հաւատացեալներու։
Գիւմրիի մէջ պատարագ
Աղօթքներ բարձրացան նաեւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցիներուն մէջ ինչպէս տնօրինած էր Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ ինչպէս կատարուեցաւ Հայաստանի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ` 22 ապրիլի երեկոյեան, երբ տեղւոյն առաջնորդը` Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանը մատուցեց Սուրբ Պատարագը, մասնակցութեամբ տեղւոյն կղերական դասին ու հաւատացեալներուն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Հոգեհանգստեան կարգը:
Պատարագ Գարագիւղի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ
Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը եւս խոր վշտով գուժելով Քահանայապետին մահը ու միանալով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ աշխարհատարած Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագի հրաւիրած է հաւատացեալ ժողովուրդը՝ Հինգշաբթի 24 Ապրիլին, Գարագիւղի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին։
Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը՝ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեան որ ապա քաղաքի միւս Կաթողիկէ Առաջնորդներուն հետ միասին ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Սաքըզաղաճի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին դահլիճին մէջ։
Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ նաեւ որ յառաջիկայ Երկուշաբթի 28 Ապրիլին երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Թուրքիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակ Արհի. Մարէք Սոլչինսքի Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի Լատինաց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ որուն պիտի մասնակցին բոլոր քրիստոնեայ համայնքապետերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ