Ֆրանչիսկոս Պապը այսօրուընէ կը հանգչի քնքուշ Մօր հայեացքին տակ. Կարդինալ Մաքրիքաս
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մեր սիրելի Սուրբ հայր Ֆրանչիսկոսի Պազիլիքա ժամանումով վերջ գտաւ անոր վերջին ճամբորթիւնը։ Ան անցաւ հաւատացեալներու երկու թևերու միջեւ, որոնք կը ցանկանային անոր մատուցել վերջին յարգանքի տուրքը և արտայայտել իրենց ողջ ջերմութիւնը» Խօսքերն ասոնք Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասի` Մարիա Մաճճորէ տաճարի օգնական աւագերէց, որ շաբաթ առաւօտեան տաճարէն ներս հիւրընկալեց Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւնները, ու երեկոյեան տաճարի հրապարակին վրայ գլխաւորեց հանգուցեալ Քահանայապետին նուիրուած Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրաւոր հաւատացեալներ։
«Մեր սրտին մէջ կը պահպանենք անոր Եկեղեցւոյ մէջ ու Եկեղեցւոյ համար պտղաբեր ծառայութեան յիշատակը։ Այն Եկեղեցին որ ինք սիրեց եւ Անոր ծառայեց մինչեւ վերջին շունչը» ըսաւ ապա Կարդինալ Մաքրիքասը յայտնելով թէ ինչպէս Սրբազան Քահանայապետը «այսօրուընէ կը հանգչի այդ Մարեմեան սրբավայրին մէջ, որ իր սրտին մօտիկ է, Մօր քնքուշ հայեացքին տակ, որ այնտեղ մեծարուած է որպէս Սալուս Փոփուլի Ռոմանի», այսինքն` Հռոմի Ժողովուրդի Փրկութիւն
«Այժմ ով Մայր քեզմէ կը խնդրենք որպէսզի պարգեւես հովիւ մը որ կարողանայ առաջնորդել քու Որդիիդ հօտը։ Քրիստոնեաներու օգնական բարեխօսէ մեզի համար» ըսաւ ապա Կարդինալ Մաքրիքասը սկիզբ տալով Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։
Յայտնենք` որ Մարիա Մաճճորէ Մարեմեան սրբավայրին դռները, Քահանայապետի թաղման կարգէն ետքը փակ մնացին ու կը բացուին վաղուընէ սկսեալ առաւօտեան ժամը եօթէն, առիթ տալու բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին, այցելելու Քահանայապետի շիրիմը եւ աղօթելու անոր մօտ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ