Կարդինալներու Միաբանական երկրորդ նիստը. Քահանայապետին աճիւնը այցելեցին աւելի քան 20 հազար հաւատացեալ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր չորեքշաբթի 23 ապրիլ 2025 երեկոյեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ տեղեկութիւնները
Այսօր ժամը 5 -ին Կարդինալական դասի անդամները Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ գումարեցին իրենց երկրորդ միաբանական ժողովը, որուն մասնակցեցան 103 կարդինալներ տրուած ըլլալով որ շատ մը կարդինալներ տակաւին չկարողացան Հռոմ ժամանել, ինչպէս խնդրուած է անոնցմէ Թափուր Աթոռի պարագային։ Ժողովը տեւեց մինչեւ ժամը 6.30ին եւ սկիզբ առաւ «Եկ Սուրբ Հոգի» աղօթքով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին հոգւոյն հանգստեան նուիրուած աղօթքով։
ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ երդման արարողութիւնը այն կարդինալներուն` որոնք տակաւին չէին կատարած երդումը, այնպէս ինչպէս նախատեսուած է Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութենէն։
Կարդինալական միաբանական ժողովը Վաւերացուց Իննօրեայի յայտագիրը` այսինքն Քահանայապետի յուղարկաւորութենէն ետք նախատեսուած ինը օրուայ ընթացքին մատուցուած հոգեհանգստեան պատարագները, որոնք կը սկսին Քահանայապետի յուղարկաւորութեան ընթացքին մատուցուած պատարագով եւ կը շարունակուին յաջորդ օրերը մինչեւ Կիրակի` 4 մայիսին։
Կիրակի` 27 ապրիլի պատարագը պիտի մատուցէ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, առաւօտեան ժամը 10.30ին, որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ Վատիկանի պաշտօնեաները ու հաւատացեալները եւ որուն պիտի մասնակցին նաեւ Պատանիներու Յոբելեանին առիթով Հռոմ ժամանած հազարաւոր երիտասարդներ։
Երկուշաբթի` 28 ապրիլին ու յաջորդ օրերու պատարագները նախատեսուած են երեկոյեան ժամը հինգին Վատիկանի մայր տաճարին մէջ, եւ բաց պիտի ըլլան հաւատացեալներուն բացի Չորեքշաբթի 30 ապրիլի եւ Կիրակի 4 մայիսի պատարագները որոնք վերապահուած պիտի ըլլան միայն կարդինալական դասին։
Երկուշաբթի օրուայ պատարագը պիտի մատուցէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը կարդինալ Պալտօ Ռէյնան, ապա 29ին Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին, 30 ապրիլինը պիտի ըլլայ համապատարագ զոր պիտի նախագահէ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, մէկ մայիսին պատարագը կը գլխաւորէ Կարդինալ Քեվին Ֆարրելը, մինչ երկու մայիսին պատարագը կը մատուցէ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին հուսկ շաբաթ 3 մայիսին նախատեսուած իննօրեայ վերջընթեր պատարագը յանձնուած է Կարդինալ Անկել Ֆերնանտէս Արթիմէին, ապա ինչպէս նշեցինք կիրակի օրուայ պատարագը որ վերապահուած է կարդինալական դասին պիտի մատուցէ Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին։
Կարդինալներու միաբանական յաջորդ ժողովը նախատեսուած է հինգշաբթի 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը ինին։
Ամէն օր երեկոյեան Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի հրապարակին վրայ պիտի կատարուին Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած Վարդարանի աղօթքները մինչեւ շաբաթ օր
Ըստ պատկան իշխանութիւններէն փոխանցած տուեալներուն այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապի աճիւններուն Սուրբ Պետրոս պազիլիքա զետեղումէն ետքը, ժամը 11:00 էն մինչեւ 19:30 Սուրբ Պետրոս պազիլքա այցելեցին աւելի քան քսան հազար հաւատացեալ որոնք ուզեցին վերջին հրաժեշտը տալ Ֆրանչիսկոս Պապին։
Մինչեւ օրս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մօտ հաւատարմագրւթեան հայց ներկայացուցած են աւելի քան 2200 լրագրողներ ու հաղորդակցութեան գործիչներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ