«Մենք պէտք է ընկալենք Ֆրանչիսկոս Պապին ժառանգութիւնը ու զայն դարձնենք ապրուած կեանք, բացուելով Աստուծոյ ողորմութեան». Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի` 27 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10, 30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի յուղարկաւորութեան ծիսակատարութեան կարգի հոգեհանգստեան իննօրեայ պատարագներէն երկրորդը նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին հոգւոյն հանգստեան, զոր գլխաւորեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որուն հետ համապատարագեցին Կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամներ ու կղերականներ, մասնակցութեամբ նաեւ 200 հազարէ աւելի պատանիներու ու երիտասարդներու` որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս ուխտագնացութեան առիթով։
Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց օրուան Աւետարանական հատուածին, որ կը խօսի Յիսուսի Յարութենէն ետքը աշակերտներուն երեւումի մասին, պատմուած Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ։
Անոնք արդարեւ իրենց Վարդապետի մահէն ետքը տխրութեամբ լեցուած ու պահուըտած էին վերնատան մէջ։ «Անոնք իրենք զիրենք որբ, միայնակ ու մոլորած կը զգային, սպառնալիքի տակ ու անպաշտպան» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը քարոզին սկիզբը, դիտել տալով` որ այս աւետարանական հատուածի պատկերը կարող է նաեւ ներկայացնել այն ապրումը, զոր կ՛ապրինք մենք բոլորս, Եկեղեցին ու համայն աշխարհը»։
«Հովիւը զոր Տէրը շնորհեց իր ժողովուրդին, Ֆրանչիսկոս Պապը, աւարտեց իր երկրային կեանքը ու մեզ լքեց։ Անոր մահուան ցաւը, մեզ համակած տխրութիւնը, խառնաշփոթութիւնը, որ կը զգանք մեր սրտերուն մէջ, եւ մոլորուած ըլլալու զգացումը, ապրումներն են զոր կ՛ապրինք նման առաքեալներուն, որոնք կը սգային Յիսուսին մահը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը նկատել տալով սակայն թէ ինչպէս Աւետարանը մեզի կը բացայայտէ, որ «ճիշտ այդ խաւար պահի ընթացքին Տէրը մեզի կու գայ Յարութեան լոյսով, լուսաւորելու համար մեր սրտերը», այնպէս ինչպէս մեզի սորվեցուցած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, Աւետարանին ուրախութիւնը դնելով Քահանայապետութեան կեդրոն. «Յիսուս Քրիստոսին հետ ամէն բան կը ծնի եւ կը վերածնի ուրախութիւնը»։
«Զատկական ուրախութիւնը, որ մեզի թիկունք կը կանգնի փորձութեան և տխրութեան պահերուն, այն է, այն ինչին այսօր կարելի է դիպչել այս հրապարակին վրայ» շարունակեց պատարագիչ Ծիրանաւորը։
«Անիկա ամենէ առաջ դրոշմուած է ձեր դէմքերուն մէջ, սիրելի՛ երեխաներ և դեռահասներ, որ եկած էք աշխարհի տարբեր վայրերէն նշելու Յոբելեանը .. ձեզի հետ ամբողջ աշխարհը իսկապէս ներկայ է այստեղ» աւելցուց Ան անոնց ուղղելով յատուկ ողջոյնի խօսք մը, այն իղձով որ «ձեզի զգալ տամ Եկեղեցւոյ սէրը ու Ֆրանչիսկոս Պապին սէրը, որ պիտի ուզենար ձեզի հանդիպիլ, ձեզ տեսնել ու ձեր միջեւ շրջիլ ձեզ ողջունելու համար»։
Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց ապա այն բոլոր մարտահրաւէրներուն զոր կոչուած են դիմագրաւել երիտասարդները, յատուկէն յիշելով արհեստական բանականութեան ու արուեստագիտութեան մարտահրաւէրները որոնք կը յատկանշեն ապրուած դարաշրջանը հրաւիրելով զանոնք` իրենց կեանքը սնուցելու Քրիստոսի յոյսով, որուն հետ իրենք զիրենք երբեք լքուած պիտի չզգան, ոչ իսկ տխուր պահերուն։
«Ան պիտի գայ ձեզի հանդիպելու այնտեղ` ուր որ էք, ձեզի կեանքի քաջութիւն պարգեւելու, ձեր հետ կիսելու ձեր փորձառութիւնները, ձեր մտածումներ, ձեր պարգեւները, ձեր երազները ու տեսնելու հեռու կամ մօտիկ գտնուողի դէմքին մէջ, եղբօր մը եւ քրոջ մը դէմքը զոր պէտք է սիրել… ու հասկցնելու այն ինչ որ արժէք ունի կեանքին մէջ. Սէրը» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը։
Ան ապա յիշեց այսօր յիշատակուող Աստուածային ողորմութեան կիրակին նշելով թէ ինչպէս Հօր ողորմութիւնը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան կիզակէտը, մեզի յիշեցնելով – ըսաւ Փարոլինը – որ «Ողորմութիւնը նոյնինքն Աստուծոյ անունն է» ու թէ «ոչ մէկը կարող է սահման դնել այդ Հօր ողորմած սիրոյն»։
«Ֆրանչիսկոս Պապին նկատմամբ մեր սէրը, որ կը բացայայտուի այս ժամերուն, պէտք չէ մնայ պահի մը լոկ յուզմունքը, մենք պէտք է ընկալենք Անոր ժառանգութիւնը ու զայն դարձնենք ապրուած կեանք, բացուելով Աստուծոյ ողորմութեան ու մեր կարգին դառնալով մէկը միւսին նկատմամբ ողորմած» յարեց պատարագիչ Ծիրանաւորը, աւելցնելով` որ «միայն ողորմութիւնն է որ կը բուժէ եւ կը ստեղծէ նոր աշխարհ մը, մարելով անվստահութեան, ատելութեան և բռնութեան կրակները։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապի մեծ ուսուցումը»։
Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ Աստուծոյ այս ողորմած դէմքը, իր քարոզութեամբ ու իր գործած արարքներով ինչպէս լսեցինք նաեւ Աւետարանական հատուածին մէջ ուր Ան յայտնուելով աշակերտներուն, անոնց կը պարգեւէ խաղաղութիւնը ու կ՛ըսէ. «Անոնց որոնց մեղքերը պիտի ներէք, պիտի ներուին, ու անոնց որոնց պիտի չներէք, պիտի չի ներուին (Յովհաննէս 20,23)։ Այսպիսով Տէրը կը հաստատէ` որ իր աշակերտները, Եկեղեցին, դառնան ողորմութեան գործիքներ եւ Ֆրանչիսկոս Պապը լուսաւոր վկան է Եկեղեցւոյ մը, որ քնքշութեամբ կը հպի անոր վրայ որ վիրաւոր է ու կը բուժուի ողորմութեան բալասանով։ ԱՆ մեզի յիշեցուց նաեւ որ … «երբեք խաղաղութիւն պիտի չըլլայ եթէ չսորվինք ներել մէկը միւսին, մեր միջեւ գործադրելով այդ նոյն ողորմութիւնը, զոր Աստուած կը գործադրէ մեր կեանքին մէջ» ըսաւ հուսկ Կարդինալ Փարոլինը ապա հրաւիրեց յիշել սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապը, որուն յիշատակը, յատկապէս կենդանի է Վատիկանի պաշտօնեաներու սրտին մէջ, որոնցմէ շատեր այսօր կը գտնուին հրապարակին վրայ։
Կարդինալ Փարոլինը ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնեաներուն իրենց առօրեայ ծառայութիւններուն համար։ «Ֆրանչիսկոս Պապը ձեզ, մեզ բոլորս ու համայն աշխարհը կ՛ողջագուրէ Երկինքէն» ըսաւ ապա Ան հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որուն մօտ ուզեց հանգչիլ Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէսզի «մեզ պահպանէ, հսկէ Եկեղեցւոյ վրայ ու թիկունք կանգնի մարդկութեան ուղեւորութեան` խաղաղութեան ու եղբայրութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ