Կարդինալներու միաբանական նախապատրաստական վեցերորդ նիստը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 29 ապրիլին տեղի ունեցաւ պապընտիր կարդինալական նախապատրաստական միաբանական վեցերորդ ժողովը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 183 կարդինալներ որոնցմէ 124-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ են։
Ժողովի ժամանակ տեղի ունեցան քսանի մօտ միջամտութիւններ, որոնք կեդրոնացան Եկեղեցւոյ ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ կարդինալներու ծագման երկիրներու ու ցամաքամասերու հեռանկարներով ու այդ մարտահրաւէրներուն Եկեղեցւոյ տալիք պատասխաններուն վրայ։
Այս լուրերը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին, այսօր Կարդինալական միաբանական հաւաքէն ետքը ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին։
Ան յայտնեց նաեւ որ երկու ընտրող կարդինալներ առողջական պատճառներու համար պիտի չկարողանան մասնակցիլ պապընտիր ժողովին, այսպիսով ընտրող կարդինալներուն թիւը 135էն կ՛իջնէ 133-ի։
Յառաջիկայ 7 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի պիտի ունենայ Քահանայապետի ընտրութեան սուրբ պատարագը։
Այսօր ի միջի այլոց Կարդինալական Միաբանական ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ այս ժողովներու ընթացքին նախատեսուած երկու խորհրդածութիւններէն առաջինը` զոր ներկայացուց Սուրբ Պօղոս պազիլիքայի Պենետիկտեան միաբանութեան Աբբահայր` Հայր Տոնաթօ Օլիարին, որ խրախուսեց ներկաները, ի տես յառաջիկայ եօթը մայիսին սկիզբ առնող պապընտիր ժողովին, ունենալու ազատութեան ու սուրբ Հոգիի նկատմամբ բացուածքի վերաբերմունք։
Ան ընդգծեց ապա Եկեղեցւոյ կեդրոնը Քրիստոսը դնելու կարեւորութիւնը հրաւիրելով եղբայրութեան, երկխօսութեան եւ ողորմութեան վկայութեան, որ արմատացած ըլլայ վերջիններու եւ աղքատներու խնամքին վրայ, հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապի օրինակին։
Աբբահայրը ի յայտ դրաւ նաեւ ընդհանրական ու եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրները, ինչպէս բռնութիւնը, ընկերային տագնապները, կոչումներու հարցը ու կիներուն դերը, հրաւիրելով այս ուղղութեամբ ունենալ համբերութիւն, յոյս ու նաեւ դիմել նորոգումի` սիւնհոդոսական ուղեւորութեան միջոցաւ։
Ան խորհրդածութիւնը աւարտեց` որպէս սիրոյ ու բարեփոխումներու տիպար ներկայացնելով Սիենայի Սրբուհի Կատարինէն, հրաւիրելով կարդինալները, ըլլալու խաղաղութեան ու միութեան մարգարէներ ու նաեւ հոգեւոր նորոգումի մարգարէներ` մեծ մարտահրաւներու այս ժամանակաշրջանին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ