Որոնել

2024.11.17 Giornata mondiale dei Poveri - Pranzo con i Poveri

Աւետարանի «վերջինները» պիտի ըլլան վերջին զինք դիմաւորողները. Անտրէա Թոռնիելլիի խմբագրականէն

Թոռնիելլի ակնարկ կ՛ընէ Քամերլենկոյի` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելի արտասանած խօսքերուն, երբ ան աշխարհին յայտարարեց Քահանայապետի մահուան լուրը. «Ան մեզի սորվեցուց հաւատարմութեամբ ապրիլ Աւետարանին արժէքները, քաջութիւն ու տիեզերական սէր, յատկապէս աւելիով աղքատներուն ու բացառուածներուն նկատմամբ» հուսկ կը մատնանշէ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն` որ զանոնք նկատած է «Աստուծոյ ողորմութեան առանձնաշնորհեալը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եւ այսպէսով վերջինները պիտի ըլլան անոնք որոնք Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի սեմին պիտի ընդունին Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւնները, ուր ան պիտի թաղուի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերի հայեացքին տակ։ Իր երկրային ճանապարհորդութեան վերջին հատուածին մէջ՝ որպէս Հռոմի եպիսկոպոս, որ եկած էր գրեթէ աշխարհի ծայրերէն, Ան շրջապատուած պիտի ըլլայ ոչ թէ հզօրներով, այլ աղքատներով, գաղթականներով, անօթևաններով, մեկուսացուածներով, որոնք կիզակէտը դարձան անոր ուսուցման բազմաթիւ էջերուն և որոնք կը գտնուին Աւետարանի իւրաքանչիւր էջի կենտրոնը»։ Այս խօսքերով է, որ կը սկսի Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսուչթեան խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն` Տիար Անտրէա Թոռնիելլիին խմբագրականը, նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու անոր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին տալիք վերջին այցելութեան, որուն կողքին ուզած է հանգչիլ առ յաւէտ։

Թոռնիելլի ակնարկ կ՛ընէ ապա Քամերլենկոյի` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելի արտասանած խօսքերուն, երբ ան աշխարհին յայտարարեց Քահանայապետի մահուան լուրը. «Ան մեզի սորվեցուց հաւատարմութեամբ ապրիլ Աւետարանին արժէքները, քաջութիւն ու տիեզերական սէր, յատկապէս աւելիով աղքատներուն ու բացառուածներուն նկատմամբ», ըսած էր Կարդինալ Ֆարրելը կը յայտնէ Թոռնիելլին ու կը մատնանշէ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն` որ զանոնք նկատած է «Աստուծոյ ողորմութեան առանձնաշնորհեալները»։

«Հեռու գաղափարախօսական ընթերցումներէն, Եկեղեցին քաղաքական շահեր չունի պաշտպանելու, երբ կոչ կ՛ընէ յաղթահարելու այն բանը որ Ֆրանչիսկոս սահմանած է «անտարբերութեան համաշխարհայնացում»։ Միայն Աւետարանի խօսքերով, Եկեղեցւոյ Հայրերու աւանդութեամբ հիմնուած՝ Հռոմի Քահանայապետը մեզ հրաւիրեց մեր հայեացքը սեւեռելու Յիսուսի սիրելիներուն «վերջիններուն»։ Անոնք «վերջինները», որոնք անոր պիտի ուղեկցին իրենց վերջին ողջագուրումով» կը գրէ Տիար Անտրէա Թոռնիելլին։

Վերոնշեալ ձեռնարկի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ շնորհեց Գերապ. Պենոնի Ամպարուսը` Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի գաղթականներու յանձնախումբի քարտուղարը, ան` որ անցեալ 26 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին կողքին կը գտնուէր երբ Ան Ռեպիպիա բանտին Սուրբ Դռան բացումը կատարեց։

Գերապ. Ամպարուսը բացատրեց` որ այս քայլին գաղափարը ծնունդ առաւ իր եւ Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետին միջեւ խօսակցութեան մը ընթացքին եւ այդպիսով որոշուեցաւ 40 հոգիէ բաղկացած խումբ մը` որոնց շարքին աղքատները, տնանկներ, բանտարկեալներ ու այլ դասակարգի կարիքաւորներ, որոնք իտէալական կերպով կը ներկայացնեն Ֆրանչիսկոս Պապին ժողովուրդը, անոր ընկերանան իր այս վերջին ճամբորդութեան ընթացքին։ 

«Անոնք իրենց զիրենք կը զգան որբ, եւ այս իրենց որբութիւնը կ՛արտայայտեն ինծի ուղարկած պատգամներուն մէջ բայց միւս կողմէն անոնք կը մնան կառչած այն յոյսին զոր ան հրաւիրեց գործադրել» ըսաւ ի միջի ալոց Գերապ. Ամպարուսը որ ապա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին բարեսիրական արարքներն ու գործունէութիւնները ի նպաստ աւելիով դիւրաբեկներուն։

Այս կարիքաւորները Քահանայապետը պիտի ընկալեն սպիտակ վարդով մը, Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի աստիճաններուն վրայ, մէկ կողմէն անոր ըսելու բարի եկար տուն` որովհետեւ Ան կը վերադառնայ Հօր տունը միւս կողմէն որպէս շնորհակալութիւն այն ամէն բաներուն համար զոր Ան ըրաւ իրենց ի սպաս։ Անոնք զաւակներ են որ կ՛ողջունեն իրենց հայրը» յարեց յուզմունքով գերապայծառ Ամպարուսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 14:00