Որոնել

Pope Francis' funeral

Ֆրանչիսկոս Պապին պատմական վերջին ճամբորդութիւնը Վատիկանէն Մարիա Մաճճորէ

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ թաղման կարգը կատարուեցաւ դռնփակ, ի ներկայութեան նաեւ Քահանայապետի հարազատներուն։ Նախ քան թաղումը, Քահանայապետին դագաղը փոխադրուեցաւ ու պահ մը զետեղուեցաւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատրան առջեւ, մինչ չորս մանուկներ Քահանայապետին անունով փունջ մը սպիտակ ծաղիկներ զետեղեցին այնտեղ։ Այդ սրբապատկերը` որ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին կը խօսէր եւ որուն մօտ Ան ուզեց որ պահպանուի իր մահկանացու մարմինը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 26 ապրիլ 2025-ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի տարածքին 250 հազար ուխտաւորներու մասնակցութեամբ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան աւարտին, Անոր դագաղը փոխադրուեցաւ նախ Սուրբ Պետրոս տաճար ուր վերջին յարգանքի տուրքի արժանացաւ կարդինալական դասի անդամներուն կողմէ, ապա Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի հրապարակէն մեկնեցաւ դէպի երկրային կեանքի վերջին հանգստեան վայր` Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, անցնելով Հռոմի կեդրոնական պողոտաներէն, Piazza Venezia, Colosseo, Via Labicana, Via Merulana, մինչեւ այն վայրը` որ Քահանայապետին համար եղած էր աղօթքի երկրորդ տունը։

Քահանայապետական դագաղը փոխադրող սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժը Վատիկանէն մեկնեցաւ ժամը 12,28 անց, մինչ պողոտաներու երկայնքին յուզմունքով լի հազարաւոր հաւատացեալներ կը սպասէին անոր անցքը, բացագանչելով «շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ։ Կեցցէ Քահանայապետը», ինչպէս զայն սպասած էին շատ անգամներ, երբ Ան տարբեր առիթներով այցելած էր Հռոմի զանազան վայրերը։

Այս մէկը յիրաւի պատմական դէպք մըն էր։ Նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է որ Քահանայապետ մը կ՛որոշէ թաղուիլ Վատիկանէն դուրս, ու պատմութեան մէջ արձանագրուած առաջին դէպքն է, որուն ուղիղ եթերով կարողացան հետեւիլ միլիոնաւոր անձինք, համայն աշխարհի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ ալ սիրած է շփուիլ ժողովուրդի ու հաւատացեալներուն հետ, իր ունեցած հանդիպումներու ու կատարած միջազգային ճամբորդութիւններու ժամանակ։ Շփում` որմէ չէր ուզած զրկուիլ նաեւ անցեալ կիրակի օր, Սուրբ Զատկուայ տօնին առիթով, երբ հակառակ իր յոգնած ու հիւանդ վիճակին, Ուրպէ էթ Օրպի պատգամէն ետքը, վերջին անգամ ըլլալով իջաւ հրապարակ իր մօտիկութիւնը արտայայտելու, Յարութեան տօնին առիթով Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն, չխնայելով ինքզինք։ Այդ եղաւ կենդանութեան ժամանակ անոր ժողովուրդէն ստացած ու անոնց տուած վերջին ողջագուրումը։ Ողջագուրում որ ան վայելեց նաեւ իր այս վերջին ճամբորդութեան ընթացքին, անցնելով Հռոմ քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն, ու երթալով այցելելու, այս անգամ, որպէս վերջին անգամ ու այնտեղ հանգչելու համար, Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Մարեմեան սրբապատկերը պահպանող մատուրը։

Հեռուստակայաններու միջոցաւ սփռուած պատկերները եզակի էին, ինչպէս եզակի էր պատմական այս դէպքը, որուն ականատես եղան շատ շատեր։

Մարիա Մաճճորէ տաճար ժամանելուն Քահանայապետին դագաղը ընկալուեցաւ իր ամենասիրելի բարեկամներէն, աղքատներէ, տնանկներէ ու կարիքաւորներէ կազմուած խումբէ մը, ճիշտ անոնցմէ զոր Ան նկատած էր Աւետարանի կիզակէտը, Աստուծոյ առանձնաշնորհեալները եւ որոնց արժանապատւութեան համար պայքարեցաւ մինչեւ վերջ. «Որքան կը փափաքիմ աղքատներուն համար աղքատ Եկեղեցի մը», ըսած էր Ան իր Քահանայապետութեան սկզբնական շրջանին եւ ահա ճիշտ այդ աղքատները, վերջինները, եղան անոնք` որոնք ուզեցին զայն ողջագուրել վերջին անգամուայ համար, որպէս երախտապարտութեան արտայայտութիւն։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ թաղման կարգը կատարուեցաւ դռնփակ, ի ներկայութեան նաեւ Քահանայապետի հարազատներուն։ Նախ քան թաղումը, Քահանայապետին դագաղը փոխադրուեցաւ ու պահ մը կանգ առաւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատրան առջեւ, մինչ չորս մանուկներ Քահանայապետին անունով փունջ մը սպիտակ ծաղիկներ զետեղեցին այնտեղ։ Այդ սրբապատկերը` որ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին կը խօսէր եւ որուն մօտ Ան ուզեց որ պահպանուի իր մահկանացու մարմինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2025, 13:08