Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղած անտիպ տեսերիզը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սիրելի՛ տղաներ եւ աղջիկները, կեանքի ամենէն կարեւոր բաներէն մէկը՝ լսելն է, լսել սորվիլ։ Երբ անձ մը ձեր հետ կը խօսի, սպասեցէք որպէսզի ան աւարտէ իր խօսքը, որպէսզի լաւ հասկնաք անոր, իսկ յետոյ, եթէ կը զգաք՝ բան մը ըսէք։ Բայց ամենակարեւորը լսելն է ։
Սա Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրն է ուղղուած երիտասարդներուն՝ տեսերիզի մը մէջ, որ անցեալ 8 յունուարին, Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ հիւրի մը կողմէ բջիջային հեռաձայնով նկարահանուած է ։
Ֆրանչիսկոս Պապին Պատգամը ուղղուած է այն երիտասարդներուն, որոնք մասնակցեցան «Լսողական աշխատանոց» նախաձեռնութեան, որ կը ներգրաւէ պատանիներն ու երիտասարդները տարբեր թեմաներով, թոյլ տալով շատերուն «լսուած ըլլալ զգալու եւ լսելու գեղեցկութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ