Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան ընթացքին Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէյի քարոզը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 26 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցող Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին, կարդինալներու դասի աւագերէց կարդինալ Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէյ իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ.
Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ այս հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ, մենք հաւաքուած ենք աղօթքի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին աճիւններուն շուրջ, ուր 12 տարիներուն ընթացքին մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ գլխաւորեց մեծ հանդիպումներ։ Տխուր սիրտով, բայց հաւատքի մէջ անսասան, մենք կը հաւատանք, որ մարդկային գոյութիւնը չ՝աւարտիր մահուան մէջ, այլ Հօր Տան մէջ, երջանկութեան յաւիտենական կեանքին մէջ» ըսաւ ծիրանաւորը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալական դասին, բոլոր ներկաներուն, մասնաւորապէս պետութիւններուն ղեկավարներուն եւ պատուիրակութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Պապին նկատմամբ ցուցաբերած ջերմութեան համար։
Կարդինալ Ռէ յիշեց Սուրբ Զատկուայ օրը, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատշգամէն ողջունեց հաւատացեալները ապա պապական ինքնաշարժով շրջելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ողջունեց ժողովուրդը . «սա պիտի մնայ մեր սիրտերուն մէջ ու աղօթքով Ֆրանչիսկոս Պապին հոգին վստահինք Աստուծոյ, որպէսզի յաւիտենական ուրախութիւնը շնորհէ Անոր։
Կարդինալ Ռէ ապա յարեց «Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս Յիսուս սուրբ Պետրոսին պարտականութիւն տուաւ Իր ոչխարները հովուելու՝ սիրոյ եւ նուիրուածութեան պարտականութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապը այդ պարտականութիւնը մարմնաւորեց մինչեւ վերջին պահը՝ հետեւով Բարի հովիւին հետքերուն, նոյնիսկ անկայուն պայմաններուն մէջ։ Ընտրուելով 2013 թուականին, Իր անունը՝ Ֆրանչիսկոս խորհրդանշեց Ասիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ոճով ապրելու նուիրուածութիւնը՝ անմիջական հովուական ծառայութեան մօտեցումով գաղթականներուն, աղքատներուն եւ յատկապէս մեկուսացեալներուն հետ։ Անոր ուժեղ անհատականութիւնը նորարարութիւն ուշադրութիւն բերաւ ընկերային մարտահրաւէրներուն, խթանելով բաց եկեղեցի, դաշտային հիւանդանոց, որ պատրաստ է հոգ տանելու բոլորին առանց խտրականութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ յատկանշուեցաւ փախստականներու, աղքատներու եւ ամենախոցելիներուն նկատմամբ իր նուիրուածութեամբ՝ կատարելով խորհրդանշական այցելութիւններ, ինչպէս Լամբետուզա, Լեզւոս կղզի, Մեքսիքոյի եւ Միացեալ նահանգներու միջեւ սահմանը։ 2021 թուականին Իրաք կատարած այցելութիւնը՝ անտեսելով բոլոր վտանգները ներկայացուց զօրակցութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան ժեսթ մը։ Աւետարանի սիրտը համարուող ողորմութիւնը եւ Աւետարանի ուրախութիւնը եղան Անոր Քահանայապետութեան կեդրոնական թեմաները, ինչպէս նաեւ հանդիպումի եղբայրութեան եւ համերաշխութեան մշակոյթին խթանումը։ Անոր «Fratelli tutti» առաքելական փաստաթուղթը, կը յիշեցնէ մարդկութեան միասնութիւնը, որպէս մէկ Հօր զաւակներ։ Աւելին ան ընդգծեց «ընդհանուր տան» մասին հոգ տանելու կարեւորութիւնը «Գովեալ ըլլաս» առաքելական նամակով, կոչ ընելով ընդհանուր պատասխանատուութեան։ Պատերազմներով ու տառապանքներով բնութագրուած դարաշրջանին մէջ, Ան կոչ ըրաւ խաղաղութեան, բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան՝ դատապարտելով պատերազմը որպէս աւերածութիւն եւ մահ։ Անոր «Կառուցել կամուրջներ եւ ոչ պատնէշներ» կոչը կ՝ամփոփէ իր հաւատքի եւ մարդկութեան հանդէպ սիրոյ ծառայութիւնը, ըսաւ Կարդինալներու դասի աւագերէցը ու քարոզը աւարտեց խնդրելով հաւատացեալներէն, աղօթելու որպէսզի Աստուած ընդունի Ֆրանչիսկոս Պապը իր յաւիտենական կեանքի մէջ։
«Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, հիմա՝ մենք կը խնդրենք քեզմէ որ աղօթես մեզի համար եւ Երկինքէն օրհնես եկեղեցին, օրհնես Հռոմը, օրհնես ողջ աշխարհը, ինչպէս կատարեցիր անցեալ Կիրակի օրը այս տաճարի պատշգամէն՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ վերջին ողջագուրումով, բայց իտէալական կերպով համայն մարդկութիւնը, որ անկեղծ սիրտով ճշմարտութիւնը կը փնտռէ ու բարձր կը պահէ յոյսի ջահը»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ