Որոնել

2025.04.30 Santa Messa nel V giorno dei Novendiali

Կարդինալ Սանտրին իր եղբայրակիցներուն. Յիշենք որ «իշխելը ծառայութիւն է» ինչպէս ըրաւ Ֆրանչիսկոս

30 ապրիլի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, տեղի ունեցաւ Քահանայապետի հոգեհանգստեան համար նախատեսուած իննօրեայ պատարագներուն հինգերորդը, զոր մատուցեց` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան երբեմնի Վերատեսուչ Կարդինալական դասի փոխ աւագերէց Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որուն մասնակցեցան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կղերական դասը ու կարդինալական դասի անդամները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս օրերուն կը շարունակուին Ֆրանչիսկոս Պապի հոգւոյն հանգստեան Վատիկանի Պազիլիքայի ներքոյ մատուցուած իննօրեայ պատարագները եւ չորեքշաբթի 30 ապրիլի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, տեղի ունեցաւ այդ պատարագներուն հինգերորդը, զոր մատուցեց` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան երբեմնի Վերատեսուչ Կարդինալական դասի փոխ աւագերէց Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որուն մասնակցեցան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կղերական դասը ու կարդինալական դասի անդամները։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ծիրանաւորը յիշեց հանգուցեալ Քահանայապետի ծառայական արարքները, ինչպէս անոր աւագ հինգշաբթի օրերու առիթով ոտնլուայի արարողութիւնը կատարելը ցաւի ու տառապանքի վայրերուն մէջ

Կարդինալ Սանտրին որ մեծ բարեկամ ու հայրենակից է Ֆրանչիսկոս Պապին հաստատեց որ Ֆրանչիսկոս Պապը մարմնացուց Քրիստոնէական իտէալը թէ «իշխելը ծառայութիւն է» ու ասկէ մեկնելով խրախուսեց իր եղբայրակից Կարդինալները, որոնք այս օրերուն համախմբուած են ի պատրաստութիւն յառաջիկայ եօթը մայիսի Քոնքլավին, մնալու միշտ ծառաներ, հաւատարիմ Հռոմի Եպիսկոպոսի առաքելութեան որպէս «Servus Servorum Dei» այսինքն Աստուծոյ ծառաներուն ծառան»։

Պատարագիչ Ծիրանաւորը ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ համար Աստուծոյ երազի մասին` որ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին խօսող երազն էր` այն է սերունդներու միջեւ հանդիպումը, ուր տարեցներուն երազները կը միանան երիտասարդներու տեսութեան ու անոնց կորովին։ Ասկէ մեկնելով Ան շեշտեց միջ-սերնդային երկխօսութեան կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ ապագային համար։

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին հուսկ յիշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապին 2033-ի Փրկութեան Սուրբ տարուան տեսութիւնը, որ պարունակուած է Անոր այս տարուայ Յոբելեանի կոնդակին մէջ, «որուն պէտք է այժմէն պատրաստուիլ ու վստահուած պիտի ըլլայ նոր Քահանայապետին» ըսաւ Ծիրանաւորը։ 2033-ի Յոբելենական տարին պիտի կատարուի ի յիշատակ մեր Տէր Յիսուսի Քրիստոսի, չարչարանքներու, մահուն ու յարութեան երկու հազար ամեակին եւ դէպի անոր տանող ճանապարհը յատկանշուած պիտի ըլլայ տարբեր հանգրուաններով, այն յոյսով նաեւ որ այդ յիշատակուի մկրտեալ բոլոր քոյրերու ու եղբայրներու հետ միասին. Հռչակելով «Տէրը իրապէս Յարեաւ ու յատնուեցաւ Սիմոնին»։

Յայտնենք որ Սուրբ Զոհին սկիզբը Կարդինալ Սանտրին աղօթք բարձրացուած էր առ Աստուած որպէսզի իր անհուն ողորմութեամբ իր Թագաւորութեան մէջ ընկալէ իր ծառան, Ֆրանչիսկոս Պապը.

«Տուր անոր ուրախութիւնը՝ յաւերժօրէն խոկալու շնորհքի և ողորմութեան խորհուրդներու մասին, որոնք նան հաւատարմօրէն բաշխեց քու ժողովրդիդ երկրի վրայ» եղաւ Կարդինալ Սանտրիին աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2025, 08:00