Որոնել

Արխիէն նկար  12 ապրիլ 2015 Արխիէն նկար 12 ապրիլ 2015 

10 տարիներ առաջ այս օրուայ նման Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ

Տասը տարիներ անցան այդ յիշարժան թուականէն, եւ 2021 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը այլ քայլ մը կատարեց Հայոց Սուրբը ներառելով ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերու օրացոյցին մէջ, անոր ծիսական տօնը սահմանելով 27 Փետրուարին։ Իսկ այժմ` այս տարի, 2025ի 31 Մարտին Ան հրաման տուաւ նաեւ, որ 1915 թուականի ցեղասպանութեան նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանը` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մարտինի առաջնորդը, ներառուի կաթողիկէ տիեզերական եկեղեցւոյ յայսմաւուրքին մէջ, զայն դասելով սուրբերու շարքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տասը տարիներ անցան այն պատմական օրէն երբ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարը մէկ օրուայ համար դարձաւ ամբողջ հայ ազգի օրրանը, իր ծոցին մէջ համախմբելով հայ եկեղեցիներու առաջնորդներն ու հայաստանի պետական ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի լոյսով լուսաւորուած` բազմաթիւ հայ հաւատացեալ ուխտաւորներ։

12 ապրիլ 2015 թուականը դրոշմուեցաւ պատմութեան գիրքերուն մէջ ոչ միայն որովհետեւ այդ օր հայ սուրբ վանական մը` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը դառնար Տիեզերական Եկեղեցւոյ 36-րդ Վարդապետ, արժանանալով տիտղոսի մը, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին ստեղծած է 1295 Bonifacio Ութերորդ Քահանայապետի օրով եւ որ այդ ժամանակէն ի վեր տրուած է միայն 37 անձերու, այլ որովհետեւ այդ նոյն առիթով յիշատակուեցաւ նաեւ հայոց ցեղասպանութեան բիւր նահատակներուն` նահատակութեան հարիւրամեակը։

Ոճիր` որ ճանչցուած է որպէս «Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն» ըսած էր այդ առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը։

Եկեղեցւոյ Վարդապետ

Եկեղեցւոյ Վարդապետի կոչումը պատուաւոր ճանաչում է, զոր կաթողիկէ եկեղեցին կը վերագրէ այն սուրբերուն, որոնք իրենց կեանքին մէջ և յատկապէս իրենց ստեղծագործութիւններով ցուցաբերած են արտասովոր ունակութիւններ՝ լուսաւորելու և բացատրելու համար հաւատքն ու վարդապետութիւնը, գիտելիքի տարածման կամ աստուածաբանական մտորումներու մէջ իրենց ներդրումներու միջոցաւ՝ այդպիսով հարստացնելով Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը:

Ահա ասոնցմէ մին էր նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ ինչպէս այդ օր յայտնած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն, «աւելի քան որևէ մէկը կարողացաւ արտայայտել հայ ժողովրդին զգայունութիւնը, ձայն տալով աղաղակին, որ աղօթք կը դառնայ, տառապեալ ու մեղաւոր մարդկութեան, ճնշուած իր սեփական անզօրութեան տառապանքով, բայց լուսաւորուած Աստուծոյ սիրոյ շքեղութեամբ և բաց Անոր փրկարար միջամտութեան յոյսին՝ որ ունակ է փոխակերպելու որեւէ բան»։

Խաչէն եկած լոյսն ու յոյսը

«Ձեր ազգը լուսաւորուած Քրիստոսի լոյսով ու անոր շնորհքով, յաղթահարեց շատ մը փորձանքներ ու տառապանք, ոգեւորուած այն յոյսէն որ կու գայ Խաչէն» ըսած էր ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «անցեալին մէջ պատահածին յիշողութիւնը կատարելը պարտաւորութիւն մըն է` ոչ միայն հայ ժողովուրդի ու տիեզերական Եկեղեցւոյ համար, այլ համայն մարդկային ընտանիքին համար, որպէսզի այն նախազգուշացումը, որ կու գայ այս ողբերգութիւնէն մեզ ազատէ նմանատիպ սարսափներու մէջ դարձեալ իյնալէ, որոնք կը վիրաւորեն Աստուած ու մարդկային արժանապատուութիւնը:»

Սրբազան Պապը նշած էր նաեւ թէ ժամանակակից աշխարհի մէջ եւս չեն պակսիր անարդարացի բռնութիւնները` զոր կոչուած են դիմակայել բոլոր անոնք` որոնք կը գտնուին Պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկին, առանց տրուելու փոխզիջումներու եւ երկիմաստութեան։

Այնտեղ ուր չկայ յիշողութիւն կը նշանակէ` որ վէրքը տակաւին բաց է

«Յիշել ձեր նախնինքերուն կրած հալածանքները անհրաժեշտ է, առ աւելին պարտաւորութիւն է, քանի որ այնտեղ ուր չկայ յիշողութիւն, կը նշանակէ որ չարը տակաւին բաց կը պահէ վէրքը։ Նոյնն է նաեւ չարը թաքցնելը կամ ժխտելը, անիկա նման է թոյլ տալու` որ վէրք մը շարունակէ արիւնիլ առանց զայն դարմանելու» եղած էին Սրբազան Քահանայապետին ոգեւորիչ խօսքերը` ուղղուած հայ ժողովուրդին ու նաեւ աշխարհի մեծամեծներուն։

Ան նաեւ այդ առիթով յոյս յայտնած էր` որ վերսկսէր թուրք ու հայ ժողովուրդի միջեւ հաշտութեան ուղեւորութիւնը ու խաղաղութեան արշալոյսը ծագեր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, խրախուսելով ձգտիլ խաղաղ համակեցութեան ու զօրակցութեան գաղափառներուն։

Տասը տարիներ անցան այդ յիշարժան թուականէն, եւ 2021 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը այլ քայլ մը կատարեց Հայոց Սուրբը ներառելով ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերու օրացոյցին մէջ, անոր ծիսական տօնը սահմանելով 27 Փետրուարին։ Իսկ այժմ` այս տարի, 2025ի 31 Մարտին Ան հրաման տուաւ նաեւ, որ 1915 թուականի ցեղասպանութեան նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանը` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մարտինի առաջնորդը, ներառուի կաթողիկէ տիեզերական եկեղեցւոյ յայսմաւուրքին մէջ, զայն դասելով սուրբերու շարքին, որուն սրբադասման արարողութեան թուականը կը հրատարակուի մօտ ապագային։

Արխիւէն նկար 12  ապրիլ 2015
Արխիւէն նկար 12 ապրիլ 2015

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2025, 09:02