Որոնել

2025.04.09 Archbishop Gabriele Caccia, Apostolic Nuncio and Permanent Observer of the Holy See to the United Nations

Սուրբ Աթոռ. Ժողովուրդներու բարօրութեան համար թող ջնջուի կամ նուազի պարտքը

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչա Բնակչութեան և զարգացման յանձնաժողովի 58-րդ նիստի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց առողջապահութեան ոլորտէն ներս երկիրներու միջև առկայ անհաւասարութիւններուն համար: Բոլոր ժողովուրդներու բարեկեցութիւնը խթանելու համար անհրաժեշտ է յանձնառութիւն «իւրաքանչիւր մարդու ներքին արժանապատուութեան օգտին», քաղաքականութիւն, որ կեդրոն ընտրէ ընտանիքները տնտեսական արդարութեան հետ միասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ապահովել առողջ կեանք և խթանել բոլորի ու բոլոր տարիքներուն բարեկեցութիւնը». Այս է ՄԱԿ-ի Բնակչութեան և զարգացման յանձնաժողովի 58-րդ նիստին նիւթը, որ տեղի ունեցաւ ինը ապրիլին, Նիու Եորքի մէջ։

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչա Բնակչութեան և զարգացման յանձնաժողովի 58-րդ նիստի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց առողջապահութեան ոլորտէն ներս երկիրներու միջև առկայ անհաւասարութիւններուն համար: Բոլոր ժողովուրդներու բարեկեցութիւնը խթանելու համար անհրաժեշտ է յանձնառութիւն «իւրաքանչիւր մարդու ներքին արժանապատուութեան օգտին», քաղաքականութիւն, որ կեդրոն ընտրէ ընտանիքները տնտեսական արդարութեան հետ միասին։ 

Յոբելենական տարուան առիթով Քահանայապետը կոչ ուղղած է հարուստ Պետութիւններուն ջնջելու կամ առ նուազն նուազեցնելու աղքատ երկիրներուն պարտքերը, նշեց ի միջի այլոց Գերապ. Քաչչա ընդգծելով «այս տեսակ զօրակցութեան արարքի մը կարեւորութիւնը»։ Արարք` որ կարելիութիւն կու տայ պիւտճէներ յատկացնելու առանցքային ներդրումներ կատարելու առողջապահական ոլորտէն ներս եւ կ՛օգնէ ապահովելու «առողջ ապրելակերպ և բարեկեցութիւն» համայն բնակչութեան համար։

«Հակառակ վերջին տասնամեակներուն բնակչութեան, առողջութեան և բարեկեցութեան բարելաւման հարցին մէջ արձանագրուած զգալի առաջընթացին» ըսաւ ապա Գերապայծառ Քաչչա, «Սուրբ Աթոռը լուրջ մտահոգութեամբ կը դիտարկէ» այն մարտահրաւէրներն ու կարևոր խնդիրները, որոնք տակաւին գոյութիւն ունին` յատկապէս աւելիով խոցելի բնակչութեան առաջարկելու առողջապահական ծառայութիւններ։

Ան ընդգծեց, որ մայրական և մանկական մահացութիւնը, օրինակ, «կը մնայ անթոյլատրելի կերպով բարձր» աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ։ «Հինգ տարեկանը չի բոլորած միլիոնաւոր մանուկներ ամէն տարի կը մահանան կանխարգելի պատճառներով,  «Եւ բոլորին առողջութիւն երաշխաւորելու համար հարկաւոր է դիմագրաւել առողջապահական մարզէն ներս անհաւասարութիւնները» աւելցուց Գերապ. Քաչչա ակնարկելով այն աղքատ երկիներուն որոնք ճնշուած են պարտքերու բերին տակ եւ չեն կարող պէտք եղած ներդրումներ յատկացնել հիմնական հարցերու համար ինչպէս աղքատութեան վերացումը կամ առողջապահական ծառայութիւնը։

«Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ, որ առողջութեան և բարեկեցութեան խթանումը միշտ պէտք է սկսի հաստատակամ յանձնառութենէ մը ի նպաստիւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան, կեանքի իւրաքանչիւր փուլի ընթացքին՝ յղիութիւնէն մինչև բնական մահ» ըսաւ ապա Գերապայծառ Քաչչա մատնանշելով նաեւ ընտանիքներուն ի նպաստ քաղաքականութիւններ երաշխաւորելու կարեւորութեան, հաստատելով որ անոնք` այսինքն ընտանիքները «Առողջ և բարեկեցիկ հասարակութեան հիմնաքարն են»

«Ընտանիքը մարդկային առաքինութիւններու առաջին դպրոցն է, որտեղ երեխաները կը սորվին համերաշխութիւն, պատասխանատուութիւն և հոգատարութիւն ուրիշներու նկատմամբ»: Ան նաև այն վայրն է, որտեղ յաճախ հոգ կը տարուի առաւել կարիքաւորներուն, ինչպիսիք են երեխաները, տարեցները կամ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկը» նշեց միշտ Գերապայծառ Քաչչա իր ունեցած ելոյթին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2025, 08:00