Արք Քաչչա. Առանց իրական զինաթափումի չկայ խաղաղութիւն, աշխարհը պէտք է ազատ ըլլայ միջուկային զէնքէն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իր քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ վճռականօրէն աջակցած է զինաթափման կոչին՝ ընդգծելով, թէ ինչպէս լայնածաւալ վերազինելը՝ ի պատասխան համաշխարհային մարտահրաւէրներուն, վտանգի կ՝ենթարկէ միջազգային խաղաղութիւնն ու անվստահութիւնը։ Այս խօսքերով է որ ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ, Արք Կապրիէլ Քաչչա, ապրիլին 29ին, միջուկային զէնքի չտարածման մասին պայմանագիրի վերանայման համաժողովին երրորդ նիստին։
Իր ելոյթին մէջ Արք Քաչչա մատնանշեց, որ խաղաղութեան քայքայումը խթանուած է քաղաքական անկայունութենէն, հակամարտութիւններէն եւ բազմակողմնութեան նկատմամբ անվստահութենէ, մինչդեռ վերազինելը կը նպաստէ լարուածութեան աճին՝ խթանելով վախի վրայ հիմնուած պաշտպանական քաղաքականութիւն, որ կը խորացնէ միջազգային բաժանումները։
Սուրբ Աթոռը կոչ կ՝ընէ յաղթահարելու միջուկային զսպումը, խթանելու համաշխարհային զինաթափումը եւ միջուկային զէնքի բարոյական վերացումը, այնպէս ինչպէս կոչ ըրաւ Ֆրանչիսկոս Պապը 2019ին, հիրոշիմայի մէջ, ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը, ընդգծելով զինաթափման ուղղութեամբ առաջընթացը արագացնելու բարոյական պատասխանատուութիւնը, յատկապէս նոր արհեստավարժութիւններու մէջ։
Ի վերջոյ Արք Քաչչա առաջարկեց ռազմական արդիւնաբերութիւնը վերածել խաղաղ ոլորտներուն, ստեղծել համաշխարհային հիմնադրամ՝ ռազմական ոլորտէն ներս միջոցները յատկացնելու համար զարգացումի, սովի դէմ պայքարի եւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման։
Եզրափակելով իր խօսքը Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ հակառակ պատերազմին եւ վախի վտանգներուն, միջուկային զէնքէ զերծ աշխարհը հնարաւոր է եւ անհրաժեշտ է քանի, որ խաղաղութիւնը կարելի չէ առանց իրական զինաթափման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ