Որոնել

2024.03.31 Domenica di Pasqua «Risurrezione del Signore» â   Messa del giorno

Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Քոմասթրիին յանձնեց Սուրբ Զատկուայ պատարագի նախագահութիւնը

Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի երբեմնի աւագերէց եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան երբեմնի փոխանորդ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրին պիտի գլխաւորէ կիրակի օրուայ ս. Պետրոս հրապարակին վրայ կայանալիք Սուրբ Զատկուայ պատարագը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Յառաջիկայ կիրակի օր 20 ապրիլին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Տօնի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած պատարագը, Ֆրանչիսկոս Պապին նշանակումով պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի երբեմնի աւագերէց եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան երբեմնի փոխանորդ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրին։

Իսկ` շաբաթ երեկոյեան Սուրբ Զատկուայ հսկումի արարողութիւնը պիտի կը գլխաւորէ Կարդինալական Դասի աւագերէցը` Կարդինալ Ճովանպաթթիսթա Ռէ։ Այսպիսով կ՛ամբողջանայ, Ֆրանչիսկոս Պապին կարգադրութեամբ Աւագ Շաբթուայ արարողութիւնները գլխաւորող Կարդինալներուն ցանկը տրուած ըլլալով որ երէկ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր միւս արարողութիւնները գլխաւորող Կարդինալներուն անունները սկսեալ վաղը` 17 ապրիլի առաւօտեան աւագ հինգշաբթի օրուայ առիթով նախատեսուած պատարագէն զոր պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Տոմենիքօ Քալաքանիոն, Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան մատակարարման գրասենեակի երբեմնի նախագահը։ Մինչ երեկոյեան նախատեսուած «Վերջին Ընթրիքի» արարողութիւնը պիտի կատարուի նախագահութեամբ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթիի` ժամը վեցին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ։

Աւագ Ուրբաթ օրուայ Չարչարանաց արարողութիւնը յանձնուած է Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչին։ Մինչ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնին մէջ նախատեսուած աւանդական Խաչի Ճանապարհի արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2025, 11:00