Կարդինալ Թուչչիի մահուան 10րդ տարելիցին սուրբ պատարագ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 14 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան կանուխ` Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ գտնուող Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի անուան դղեակի մատրան մէջ, Կարդինալական Դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովանպաթթիսթա Ռէ պատարագ մատուցեց Ռատիօ Վատիկանի երբեմնի ընդհանուր տնօրէն եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Քահանայապետական ճամբորդութիւնները կազմակերպող Կարդինալ Ռոպերթօ Թուչչիի մահուան 10րդ տարելիցին առիթով։
Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգուցեալ կարդինալին եղբայրակիցներ, երբեմնի համագործակիցներ եւ հաղորդակցութեան Վերատսչութեան անձնակազմի անդամներ։
Իր արտասանած Քարոզին մէջ Կարդինալ Ռէ մատնանշեց Կարդինալ Թուչչիի մարդկային արժէքներուն, անոր երկխօսութեան մարդ ըլլալու տիպարին ու անոր Եկեղեցւոյ նուիրած ծառայութեան։
Թուչչին, Յիսուսեան միաբան ու Վատիկանի Երկրորդ Տիեզերական Ժողովի փորձագէտ, առանցքային դեր ունեցաւ Վատիկանի Ռատիոյի զարգացման գործին մէջ՝ «Սառ» պատերազմի ժամանակ անոր հաղորդումները լայնօրէն լսելի դարձնելով։ Ան ապա միշտ ալ ուղեկցեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին իր միջազգային ճամբորդութիւններու ժամանակ՝ կառավարելով բարդ իրավիճակները հմտութեամբ և անդորրութեամբ, նկատել տուաւ պատարագիչ կարդինալը իր քարոզին մէջ։
Նոյն օրը ապա բացումը կատարուեցաւ Ռատիօ Վատիկանի երբեմնի կեդրոն եւ այսօր Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան կեդրոն` Պիոս պալատի երկրորդ յարկի մէկ սրահին, որ անուանուեցաւ Կարդինալ Ռոպերթօ Թուչչիի անունով, որպէս գնահատանք անոր հաղորդակցութեան աշխարհին բերած սատարին։
Կարդինալ Թուչչիի մահուան առիթով ուղարկած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Թուչիի կեանքը նկարագրած էր` որպէս «գործունեայ և դինամիկ»՝ ընդգծելով Անոր նուիրումը իր կրօնական կոչման և հաւատարմութիւնը Աւետարանին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ