Որոնել

2023.06.24   Concilio di Nicea

Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի, Փրկիչ: Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը (325-2025)

Միջազգային աստուածաբանական խառն յանձնաժողովին հրատարակած փաստաթուղթը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ 20 Մայիսին - 1700 տարի ետք- քրիստոնեայ աշխարհը կը նշէ Փոքր Ասիայի մէջ կայացած Նիկիայի ժողովի բացումը, որ տեղի ունեցաւ 325 թուականին: Անիկայ պատմութեան առաջին տիեզերական համամիութենական ժողովն էր: Անորմէ յառաջ եկաւ Հաւատամքը, որ ամբողջացաւ Կոստանդնուպոլսոյ ժողովին 381 թուականին, դարձաւ Եկեղեցւոյ դաւանած Յիսուս Քրիստոսի հաւատքի ինքնութիւնը»: Այս կը կարդանք այսօր` 3 ապրիլին Միջազգային աստուածաբանական խառն յանձնաժողովի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ հայող վերոնշեալ տարեդարձին առիթով հրատարակուած փաստաթուղթին։

Տարեդարձը կը համընկնի յոբելենական տարուայ ընթացքին, որուն կենտրոնն է «Յիսուս մեր յոյսը» և կը զուգադիպի բոլոր քրիստոնեաներու կողմէ՝ Սուրբ Զատիկը միասնական թուականով տօնելու` ըլլայ Արևելքի ըլլայ Արևմուտքի մէջ:

Միւս կողմէ - ինչպէս ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան 6 յունուար 2024 ին ուղղած իր պատգամին մէջ մեր ապրած պատմական այս պահուն, որ յատկանշուած է պատերազմի ողբերգութեամբ ու անհամար անվստահութիւններով, քրիստոնեաներուն համար էականը, ամենագեղեցիկ բանը, ամենաշատ քաշողական ու միեւնոյն ատեն անհրաժեշտ` Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքն է որ հռչակուեցաւ Նիկիոյ մէջ, «այս է Եկեղեցւոյ համար էականաը»։ Կը կարդանք վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ

Միջազգային աստուածաբանական խառն յանձնաժողովը այս առիթով կը հրատարակէ «Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի, Փրկիչ. Նիկիայի Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը» վերնագիրով` կարևոր և մանրամասն փաստաթուղթ մը: Նպատակը ոչ միայն Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ անկասկած կարևոր նշանակութիւն ունեցող Ժողովին գաղափարն ու նշանակութիւնն է, այլ նաև ի յայտ դնել այն արտասովոր միջոցները, զոր Հաւատամքը դաւանուած այն օրէն մինչեւ օրս կը պահպանէ և կը վերարծարծէ աւետարանական նոր փուլի հեռանկարով, զոր Եկեղեցին կոչուած է ապրելու:

Նիկիոյ մէջ դաւանուած հաւատքը կը բանայ մեր աչքերը խանգարող և մշտական ​​նորութեան վրայ, որ տեղի ունեցաւ Աստուծոյ Որդիի գալստեամբ ու կը մղէ լայնեցնելու սրտերն ու մտքերը հիւրընկալելու, եւ շրջակայութեան մէջ դնելու այս վճռական հայացքին շնորհքը պատմութեան իմաստի և ճակատագրի վրայ։

Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, որ ըլլալով սէր, Երրորդութիւն է, և որ Որդիին մէջ կը դառնայ մեզմէ մէկը սիրոյ համար - այս է այն հաւատքը, որուն մասին կը վկայէ կը փոխանցէ Նիկիայի ժողովը -  անձերու և ժողովուրդներու միջև եղբայրութեան և պատմութեան վերափոխման իսկական սկզբունքն է, աղօթքի լոյսին ներքոյ, զոր Յիսուս Յղեց Հօրը, իր կեանքի նուիրումի պահուն. «Հայր թող որ բոլորը մի ըլլան, ինչպէս ես եւ դուն մէկ ենք». (Յովհ. 17։22)։

Հետևաբար, Նիկիական դաւանանքը Եկեղեցւոյ հաւատքի սիրտ, կը կազմէ կենդանի ջուրի աղբիւր, որմէ մենք կարող ենք նոյնիսկ այսօր քաղել Յիսուսին հայեացքը և մտնելու համար Յիսուսին հայեացքին մէջ ու Անոր միջոցաւ Աստուծոյ հայեացքին մէջ, զոր Ան ունի բոլոր զաւակներուՆ և ողջ արարչութեան վրայ:

Վերեւ նշուած փաստաթուղթը չ՛ուզեր ըլլալ ակադեմիական աստուածաբանութեան պարզ գրութիւն մը, այլ կ՛առաջարկուի որպէս արժէքաւոր համադրութիւն, որ կարող է օգտակար կերպով ուղեկցիլ հաւատքի խորացման և անոր վկայութեան քրիստոնէական համայնքի կեանքին մէջ։

Հետևաբար, Միջազգային աստուածաբանական խառն յանձնաժողովը կը հրաւիրուէ «Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի, Փրկիչ» փաստաթղթի ուսումնասիրութեան Օր մը ապրելու յառաջիկայ 20 մայիսին` Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին (325-2025) առիթով, որը տեղի պիտի ունենայ ​​Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանի «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ» դահլիճին մէջ։

(https://www.doctrinafidei.va/it/commissioni-collegate/commissione-teologica/storia/eventi.html).

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2025, 12:00