Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութիւնը ուղիղ եթերով «Վատիկան Նիուզ»էն

«Վատիկանի Նիուզ», ի Ռատիօ Վատիկան եւ Վատիկանի Հեռուստակայանի միջոցաւ կարելի է ուղիղ եթերով հետեւիլ Ֆրանչիսկոս Պապի յուղարկաւորութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 26 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցող Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան կարելի է հետեւիլ «Վատիկան Նիուզ»ի միջոցաւ։

Նշենք,  թէ Վատիկանի Ռատիօ կայանը եւ «Վատիկան Նիուզ»ը 15 լեզուներով՝ որոնց շարքին խուլերու չորս լեզուներով պիտի հեռարձակէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ շաբաթ 26 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10ին տեղի ունեցող Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ դագաղի փոխադրութիւնը մինչեւ Մարիա Մաճորէ տաճար։ Պիտի օգտագործուին Վատիկանի հեռուստակայանի օդային եւ գետնային տեսախցիկներ։

Այս կարեւոր իրադարձութեան հետեւելու լայն հնարաւորութիւնը ընձեռելու համար Վատիկանի Լրատուամիջոցները պատրաստած են ուղիղ ռատիօ մեկնաբանութիւններ 15 լեզուներով, (իտալերէն, անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, պրազիլերէն, բորթուգալերէն, գերմաներէն, լեհերէն, վիեթնամերէն, չինարէն, արաբերէն), անոնց շարքին ՝ 4 (ժեսթերու լեզուներ) խուելրու վերապահուած լեզու` իտալերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն։

Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ «Վատիկանի Նիուզ» ի հայկական բաժանմունքի միջոցաւ ։
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 13:53