Որոնել

2025.03.10 Convegno internazionale a Dakar sulla diplomazia religiosa

Սենեկալը՝ խաղաղ կրօնական համակեցութեան օրինակելի ձեւաչափ․ Գերապայծառ Կալլակեր

Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ կապերու Քարտուղարը ուղերձ յղած է Տաքարի «Cheikh Anta Diop» համալսարանի կողմէ կազմակերպուած կրօնական դիւանագիտութեան նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն․ Կրօնական դիւանագիտութեան նպատակն է ազդել միջազգային յարաբերութիւններու վրայ ոչ թէ քաղաքական կամ ռազմական ուժի, այլ «անհատներու սրտերուն ու միտքերուն դպչելու» կարողութեան միջոցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սենեկալը «տարբեր կրօնական եւ մշակութային աւանդոյթներ ունեցող մարդկանց խաղաղ գոյակցութեան օրինակ» է «տեւական խաղաղութեան յուսահատ կարիքը զգացող» աշխարհի մը մէջ, որտեղ տարբեր հաւատքներ կարող են իրենց ներդրումն ունենալ՝ «կառավարական բանակցութիւններով կամ քաղաքական համաձայնագրերով սահմանափակուած դիւանագիտութեան տեսլականէն անդին»։ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար` Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը այս միտքը ընդգծած է՝ Ապրիլ 7ին եւ 8ին Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի «Cheikh Anta Diop» համալսարանի կողմէ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր գրաւոր պատգամին մէջ։

Արքեպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնած է Սենեկալին՝ խաղաղութեան ծառայութեան համար կրօնական համակեցութիւնը խթանելու յանձնառութեան համար եւ յատուկ անդրադարձ կատարած է Սուրբ Աթոռի «կրօնական դիւանագիտութեան»․ Կրօնական դիւանագիտութիւնը, ըստ կաթողիկէ տեսլականի, հիմնուած է «կրօնական աւանդոյթներու առաջարկած բարոյագիտական եւ բարոյական հեռանկարներու վրայ» եւ նպատակ ունի ազդել միջազգային յարաբերութիւններու վրայ ոչ թէ քաղաքական կամ ռազմական ուժի, այլ «անհատներու սրտերուն ու միտքերուն դպչելու» կարողութեան միջոցաւ։

Միջ կրօնական երկխօսութեան խրախուսում

«Տարբեր կրօնական եւ մշակութային աւանդոյթներու մարդկանց միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը նշանակալի իրողութիւն է Սենեկալի մէջ», շեշտած է ապա Գերապայծառ Կալլակերը եւ գովաբանած ափրիկեան այդ Երկիրը, ուր «մահմեդականները, կաթողիկէները, բողոքականները եւ աւանդական կրօններու հետեւորդները ուշագրաւ ներդաշնակութեամբ միասին կ’ապրին նոյն ընտանիքին մէջ», ինչը «կը խրախուսէ միջ կրօնական երկխօսութիւնը եւ արժանի է պահպանութեան»։

«Նոր ազդակ» ապագայի համար

Վերոնշեալ Համալսարանի պաշտօնական հրաւէրին համաձայն, տարբեր կրօնական դաւանանքներու դեսպաններ եւ ներկայացուցիչներ համախմբած գիտաժողովին նպատակն էր «ձևաւորել ակադեմիական և հոգևոր մտորումներ՝ խաղաղութեան կառուցման եւ հակամարտութիւններու միջնորդութեան գործին մէջ կրօններու դերի վերաբերեալ»: Վատիկանի Քարտուղարի ուղերձը ընթերցած է Տաքարի Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Վալտեմար Սթանիսլավ Սոմերթակը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2025, 08:00