20 հազար ուխտաւոր ողջ աշխարհէն պիտի մասնակցին Հիւանդներու Յոբելեանին՝ Ապրիլ 5ին եւ 6ին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Շաբաթ օրը՝ 5 ապրիլին եւ կիրակի՝ 6 ապրիլին, Յոյսի ուխտաւորներ Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս, Հիւանդներուն եւ առողջապահութեան աշխարհին նուիրուած Յոբելեանին առթիւ՝ որ թիւով եօթներորդն է Յոբելենական մեծ իրադարձութիւններէն, Հռոմ պիտի ժամանեն շուրջ 20 հազար ուխտաւորներ, անոնց շարքին՝ հիւանդներ, բժիշկներ, բուժքոյրեր, դեղագործներ, բուժաշխատողներ՝ աշխարհի աւելի քան 90 Երկիրներէն: Պատուիրակութիւններ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներէն, Սպանիայէն, Քոլումպիայէն, Արժանթինէն եւ Պրազիլէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն, Մեքսիքայէն, Գերմանիայէն, Խրուաթիայէն, Ֆիլիփիններէն, Փերուէն, Քոնկոյէն, Աւստրալիայէն, Չիլիէն, Եթովպիայէն, Քանատայէն, Քամերունէն: Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ իտալական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնաւորապէս՝ «Fratres delle Misericordie d’Italia» արեան նուիրումի խումբը, «ANED»՝ Հեմոտիալիզի (արեան լուացում) հիւանդներու ազգային ընկերութիւնը, Իտալիոյ կաթողիկէ բժիշկներու ընկերութիւնը, «Bambino Gesù» մանկական հիւանդանոցը, «Banco Farmaceutico Federation Foundation», եւ այլն։
Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Դուռ
Յոբելենական միջոցառումը պիտի սկսի շաբաթ օրը՝ ապրիլ 5ի առաւօտեան, երբ բոլոր մասնակիցները ժամը 8:00էն սկսեալ ուխտագնացութիւն պիտի կատարեն դէպի Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռ: Շաբաթ օրը յետմիջօրէին Հռոմի կեդրոնական հրապարակներու վրայ տարբեր ընկերութիւններու, հաստատութիւններու եւ շարժումներու կողմէ կազմակերպուած են մշակութային, հոգեւոր եւ գեղարուեստական միջոցառումներ՝ «Երկխօսութիւններ քաղաքի հետ» բնաբանով, անոնց շարքին՝
Սպանիոյ Հրապարակին (Piazza di Spagna) վրայ, ժամը 16:00էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հանդիպում՝ կազմակերպուած Իտալիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ, «Նուիրումի եւ զօրակցութեան արժէքը» խորագիրով, որուն ելոյթ պիտի ունենան Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Աշխարհի Աւետարանութեան Հիմնարար Հարցերու Բաժնի Համա Վերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան, Իտալիոյ Առողջապահութեան նախարար Օրացիօ Սքիլաչին, Հռոմի քաղաքապետ Ռոպերթօ Կուալթիերին եւ Լացիօ Շրջանի նախագահ Ֆրանչեսքօ Լա Ռոքքան:
Ժամը 15-18-ը Սուրբ Խաչ Քահանայապետականհամալսարանի տարածքին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Hospice=Hope» այսինքն Յոյս համաժողովը՝ կազմակերպուած Հռոմի «Campus Bio-medico» համալսարանի կողմէ: Հռոմի Ռիսորճիմենթօ Հրապարակին (Piazza Risorgimento) վրայ «American Heart Association» ժամը 15:00էն մինչեւ 17:30 պիտի կազմակերպի ուսուցողական միջոցառում՝ նուիրուած սիրտ-թոքային վերակենդանացման վարժութիւններուն՝ անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, լեհերէն եւ գերմաներէն լեզուներով:
Յոբելեանը պիտի եզրափակուի կիրակի օրը՝ 6 Ապրիլին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ կայանալիք Սուրբ Պատարագով՝ ժամը 10:30ին, նախագահութեամբ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային, որ պիտի կարդայ Ֆրանչիսկոս Պապի գրած քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ