Որոնել

Palm Sunday Mass in St. Peter's Square at the Vatican

Պատարագներու եւ դիտաւորութիւններու մասին նոր հրամանագիր՝ յանուն առաւել մեծ թափանցիկութեան եւ անաչառութեան

2025 թուականի 13 Ապրիլին, Կղերի Վերատեսչութեան հրամանագրով, թարմացուեցաւ Սուրբ Պատարագներու դիտաւորութիւններուն եւ յարակից նուիրատուութիւններուն վերաբերող կարգապահութիւնը՝ սահմանելով աւելի յստակ կանոններ՝ երաշխաւորելու թափանցիկութիւնը, անաչառութիւնը եւ յարգանքը հաւատացեալներու կամքի նկատմամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Կղերի Վերատեսչութիւնը թարմացուց Սուրբ Պատարագներու եւ յարակից նուիրատուութիւններու մտադրութիւններուն առնչուող կարգապահութիւնը՝ աւելի յստակ կանոններ սահմանելով՝ երաշխաւորելու թափանցիկութիւնը, անաչառութիւնը եւ յարգանքը հաւատացեալներու կամքի նկատմամբ: Հրամանագիրը հաստատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 13 Ապրիլին եւ ուժի մէջ պիտի մտնէ 20 Ապրիլին՝ Սուրբ Զատկուայ կիրակի օրը։

Սովորոյթ, որ պէտք է պաշտպանել

Փաստաթուղթը անդրադարձած է Եկեղեցւոյ կեանքին եւ Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան ամէնէ առարկայական եւ հնագոյն ձեւերէն մէկուն, երբ հաւատացեալներու կամքով Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի ողջերու կամ մեռեալներու համար:

«Նուիրատուութեան միջոցաւ», կը կարդանք Հրամանագրի մէջ, հաւատացեալները «կը ցանկանան աւելի սերտօրէն միանալ Հաղորդութեան զոհաբերումին` անոր աւելցնելով սեփական զոհաբերութիւնը, համագործակցելով Եկեղեցւոյ կարիքներու համար»։

Գործելու այս ձեւը հիմնուած է հովուական եւ հոգեւոր խոր դրդապատճառներու վրայ եւ մինչեւ այժմ կը կարգաւորուէր այնպիսի պայմաններով, որոնք թոյլ կու տան, մէկ ​​կողմէ, հաւատարիմ մնալ հաւատացեալի խնդրանքին, իսկ միւս կողմէ՝ վերացնել սրբութիւններու «առեւտուրի» վտանգը։

Փաստաթուղթը, որ կ’ամբողջացնէ եւ կը յստակեցնէ 1991 թուականին հաստատած «Mos iugiter» հրամանագրի կանոնները, նպատակ ունի լուծելու ի յայտ եկած որոշ կարեւորագոյն խնդիրներ, յատկապէս «հաւաքական» դիտաւորութիւններով Պատարագներու կամ ալ միեւնոյն ծէսով բազմաթիւ մտադրութիւններով ծիսակատարութիւններու վերաբերեալ:

Հաւատացեալի համաձայնութիւնը պէտք է յստակ ըլլայ

Նորութիւնը կը վերաբերի գլխաւորապէս այն հանգամանքին, որ հաւատացեալները, որոնց կամքով ու նուիրատուութեամբ Պատարագ կը մատուցուի, պէտք է տեղեկացուած ըլլան եւ յստակ կերպով համաձայնութիւն տան քահանաներու կողմէ մէկ «հաւաքական» դիտաւորութեամբ Պատարագի մէջ ներառուած տարբեր անձանց մասին եւ միայն բոլորի «բացայայտ համաձայնութեան» պարագային մատուցեն զայն։ 

Երաշխաւորել հաղորդութիւնները ամենաաղքատներուն եւ աջակցիլ կարիքաւոր թեմերուն

Հրամանագիրը կը թարմացնէ, նաեւ արդեն գործող դրոյթները՝ ընսգծելով ամենաաղքատներուն հաղորդութեան հասանելիութեան կարեւորութիւնը՝ առանց անոնցմէ նուիրատուութիւն պահանջելու եւ աւելին՝ կը պարզաբանուի, որ իւրաքանչիւր թեմական եպիսկոպոս կարող է, դուրս գալով տուեալ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականներու առանձնայատուկ հանգամանքներէն, կազմակերպել նուիրատուութիւններու բաշխումը «կարիքաւոր ծխերուն սեփական կամ այլ թեմերու մէջ, յատկապէս առաքելութեան Երկիրներու մէջ»։

Վերահսկողութիւն եւ կրկին անդրադարձ հարցին տասը տարիներ ետք

Հրամանագիրի մէջ Եպիսկոպոսներուն եւ ծխական քահանաներուն կոչ կը կատարուի զգօն ըլլալ եւ ապահովել, որպէսզի իւրաքանչիւր դիտաւորութիւն եւ ընծայ գրանցուի յատուկ գրանցամատեանին մէջ։

Ի վերջոյ, Կղերի Վերատեսչութիւնը յայտարարած է, որ այս կանոնները ուժի մէջ մտնելէն տասը տարի ետք հարցը կրկին ուսումնասիրութեան առարկայ պիտի դառնայ եւ անհրաժեշտութեան պարագային ենթարկուի թարմացման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2025, 10:00