Հրամայական է վերսկսել ապազինման ճանապարհը. Սուրբ Աթոռ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ռազմական լուծումները» արդիւնաւէտ պատասխան մը չեն աճող քաղաքական անկայունութեան, որ կ՛ազդէ աշխարհի մի քանի տարածաշրջաններու վրայ։ «Սպառազինութիւններու կուտակման պարոյրը» և «զսպման տրամաբանութիւնը» կասկածներու և պառակտումներու նախասենեակն են, որոնք միջազգային հանրութիւնը կը հեռացնեն տեւական խաղաղութեան հեռանկարէն։ Ուստի անհրաժեշտ կը դառնայ «վերսկսել զինաթափման ուղին նոր հրատապութեամբ»՝ նաև երկխօսութիւն հաստատելով զրուցակիցներու հետ, որոնք կարող են ըլլալ «անյարմար»։ Այս է Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը, որուն մասին արտայայտուեցաւ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչա, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտ, Նիու Եորքի մէջ 8 ապրիլին կայացած կազմակերպութեան 79-րդ Գլխաւոր հաւաքի շրջանակէն ներս Զինաթափման յանձնաժողովին ուղղած իր խօսքին մէջ։
Ան արդարեւ հրատապ նկատեց վերսկսիլ զինաթափման ուղին քննադատելով շատ մը երկիրներու` զինեալ լուծումներու դիմելու կողմնորոշումը, ընդգծելով որ այս մօտեցումը կը քայքայէ բազմակողմնութիւնը և երկխօսութիւնը։
Գերապայծառ Քաչչա վերյիշեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ խօսքերը. որով Ան կը նկատել կու տար թէ «խաղաղութեան մը կարելիութիւնը չի կրնար հիմնուած ըլլալ եթէ ոչ ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ, ուստի եթէ քաղաքական հասարակութիւն մը կը զինուի, միւս քաղաքական հասարակութիւնները եւս պիտի զինուին անոր քայլը պահելու համար», ուստի այս մէկը պիտի տանի սպառազինութեան աճեցումին որ իր կարգին պիտի հեռացնէ խաղաղութիւնը։
Ի տես ապա հիւլէական հակամարտութեան մը կարելիութեան վտանգին, Գերապայծառ Քաչչան յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն, հաստատելով` որ զանգուածային ոչնչացման զէնքերը «կը ներկայացնեն վտանգի բազմապատկումը, որ կարող է միայն խաղաղութեան պատրանք մը ըլլալ»: Նմանատիպ զէնքերու տիրապետելը եւ այդպիսի զէնքերու ցանկացած կիրառում «կ՛ունենայ աղետալի մարդասիրական և բնապահպանական հետևանքներ»:
Սուրբ Աթոռը կոչ կ՛ուղղէ հաւատարիմ մնալու Միջուկային զէնքի արգիլման պայմանագրին (TPNW) և Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագրին (NPT)» նշեց ի միջի այլոց Գերապ. Քաչչա, որ ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչն ու հրաւէրը միշտ դիմելու «դիւանագիտութեան» որ կարող է երկխօսութիւնը երաշխաւորել բոլորի հետ, նոյնիսկ այն զրուցակիցներուն հետ որոնք շատ անգամ նկատուած են անյարմար, կամ բանակցելու ոչ իրաւասու։
Սա է միակ ճանապարհը կոտրելու ատելութեան և վրէժխնդրութեան շղթաները, և ցրելու եսասիրութեան, հպարտութեան և մարդկային ամբարտաւանութեան սարքերը, որոնք արմատն են իւրաքանչիւր կործանող ազատատենչ կամքի»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ