Որոնել

Հաւատքի եւ յոյսի օրինակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի մահուան քսանամեակին առիթով սուրբ պատարագ

Լեհ Քահանայապետի մահուան քսանամեակին նուիրուած պատարագի ժամանակ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Սուրբ Աթոռի պետքարտուղարը յիշեց «անոր կրքոտ սերը Քրիստոսի հանդէպ» և «խաղաղութեան ի սպաս անխոնջ ծառայութիւնը», կոչերով ու նախազգուշացումներով որոնք «դժբախտաբար, մնացին անլսելի, ինչպէս կը պատահի մեծ մարգարէներուն»: Աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ կարդինալ Ճիվիչը մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը հոգեպէս միացաւ պատարագին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 2 ապրիլին, յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի գլխաւորութեամբ մատուցուեց Սուրբ Պատարագ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին մահուան 20-րդ ամեակի կապակցութեամբ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին նշեց, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը իր կեանքին ընթացքին վկայեց անսասան հաւատք եւ արտասովոր քաջութիւն՝ միշտ ապրելով Աստուծոյ հայեացքին ներքոյ ու Անոր քահանայապետութիւնը բնութագրուեցաւ խաղաղութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ ամուր նուիրուածութեամբ, դիմագրաւելով աշխարհային մարտահրաւէրներ եւ հրաւիրելով եկեղեցին, «դուրս գալ» դէպի երրորդ հազարամեայ։

Կարդինալ Փարոլին յարեց, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ իր առաքելութեան համար հիմնական ուղեցոյց համարեց Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովը, արտայայտելով Քրիստոսի կարեւորութիւնը՝ մարդուն իսկական կոչումին բացայայտման մէջ։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը հաւատքի եւ յոյսի ժառանգութիւնը կը շարունակէ ներշնչել եկեղեցին եւ մարդկութիւնը, քանի որ անոր բարեխօսութիւնը կը հայցենք ժամանակակից աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան համար։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը ապա յարեց, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը իր հոգեւոր կտակարանին մէջ յիշեց Աստուածային նախախնամութեան հրաշագործ միջամտութիւնը իր կեանքին մէջ, ընդգծելով եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ իր կոչումը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս միշտ յիշեցուց Քրիստոսի կարեւորութիւնը մարդկային կեանքի մէջ, յորդորելով լայն բանալու դռները Քրիստոսի առջեւ։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ միշտ կը մնայ ամուր յղման կէտ եւ անոր վկայութիւնը կը շարունակէ ներշնչել եկեղեցին եւ մարդկութիւնը։

«Այսօր մենք նոյնպէս, ինչպէս անթիւ ուխտաւորներուն, որոնք գալով միշտ այս տաճարը կը խնդրեն նաեւ Իր բարեխօսութիւնը խորանին մօտ ուր կը հանգչի իր մարմինը, կրկնենք անգամ եւս ըսելով. Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրհնէ մեզ, օրհնէ ուղեւորութեան մէջ գտնուող այս եկեղեցին, որպէսզի յոյսի ուխտաւոր ըլլայ։ Օրհնէ այս պատառոտուած եւ անկողմնորոշուած մարդկութիւնը, որպէսզի ճանչնայ Աստուծոյ ողորմութիւնն ու սէրը»։

Յայտնենք, թէ Սուրբ Պատարագի աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց Քրաքովիայի երբեմնի արքեպիսկոպոս եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երբեմնի քարտուպղար`  կարդինալ Սթանիսլավ Ճիվիչը։ Ծիրանաւորը յիշեց 2 ապրիլ 2005, որպէս թուականը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մահուան, ընդգծելով անոր ազդեցութիւնը միլիոնաւոր հաւատացեալներուն վրայ։ Ան ապա երախտագիտութիւն յայտնեց կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին՝ տօնակատարութեան համար եւ Ֆրանչիսկոս Պապին՝ մաղթելով քաջառողջութիւն։ Քրաքովիայի երբեմնի եպիսկոպոսը յիշեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կտակը, որուն մէջ ամբողջութեամբ կը վստահի Աստուծոյ կամքին եւ անդրադարձաւ Պապին սրբութեան եւ հոգեւոր ժառանգութեան, յիշելով Ժօզէֆ Ռացինկերի խօսքը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին՝ Հօր թագաւորութեան մէջ ներկայ դերի մասին։ ։ Կարդինալ Տիզիշ եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով արարողութեան բոլոր մասնակիցներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2025, 15:55