Կարդինալ Քրայեւսքի. Ֆրանչիսկոս Պապ ինծի հեռաձայնեց աջակցելու համար Ուքրանիոյ առաքելութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական ողորմնաբաշխ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի Ուքրանիա մեկնեցաւ իր հետ տանելով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նուիրուած շտապ օգնութեան չորս մեքենաներ։ Ծիրանաւորին ընկերացան Ուքրանիայէն Հռոմ ժամանած երեք կղերականներ։ «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Կարդինալ Քրայեւսքի անդրադառնալով Ուքրանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան յարեց, թէ դէպի Ուքրանիա ճամբորդութեան ընթացքին դժուարութիւններուն չեն հանդիպած բացի ձիւնէն եւ սառած ճամբաներէն։
Քահանայապետական ողորմնաբաշխը տեղեկացուց, որ Ուքրանիոյ մէջ ֆրանչիսկեան միաբանութեան փոքրիկ եղբայրներուն հետ միասին ամէն օր հաց, ապուռ բաշխեցին գաղթականներուն եւ աղքատներուն, որոնք ամէն օր առաւօտեան ժամը 5էն սկսեալ շարքի կը կենան հաց ստանալու համար։ Կարդինալ Քրայեւսքի յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամները ունին փուռ մը, ուր ամէն օր հաց կը պատրաստեն աղքատներուն բաշխելու համար, սակայն այդ փուռը 15 տարուայ փուռ է ու վերանորոգումի կարօտ է։ Ֆրանչիսկեան փոքրիկ եղբայրները Պապին կողմէ օգնութիւն ստացան իրենց առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար, շաբթուան ընթացքին հաց պատրաստելով ու բաշխելով, ըսաւ ծիրանաւորը աւելցնելով, «Ես փուռ գացի հոն ուր որ կ՝աշխատին։ Անոնք շուրջ 15 տարուայ փուռ մը ունին, որ փոփոխութեան կարիքը ունի ու խոստացայ որ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ պիտի խօսիմ իրենց օգնելու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրած շտապ օգնութեան չորս մեքենաները Ուքրանիա հասան չորս օր ճամբորդելէ ետք երեք վարորդներուն հետ միասին, ըսաւ կարդինալ Քրայւեսքի. «Փառք Աստուծոյ Ուքրանիա հասանք 3300 քմ քշելէ ետք։ Մեծ դժուարութիւններ չ՝ունեցանք բացի ձիւնէն ու քիչ մը դանդաղ քշեցինք, որովհետեւ ճամբաները սառած էին, ըսաւ Քահանայապետական ողորնաբաշը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ