Որոնել

++ Parolin, forse non come prima ma Papa torner� a governare ++

Խաղաղութիւնը չի պարտադրուիր, պատերազմի պարոյրէն դուրս կու գանք երկխօսութեամբ. Կարդինալ Փարոլին

Ուքրանիայի և Կազայի հակամարտութիւնները, բազմակողմանիութեան դերը և երկխօսութեան կարևորութիւնը Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան տեսանկիւնէն։ Իտալական «La Repubblica» օրաթերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի վերլուծում կը կատարէ միջազգային ընթացիկ գործերու հիմնական խնդիրներուն. խաղաղութիւնը կը կառուցուի համբերութեամբ, օրը օրին, փոխադարձ յարգանքով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վաստիկան

Սուրբ Աթոռը մեծապէս մտահոգ է «Ուքրանիայի մէջ հակամարտութեան սրման վտանգով», որ կարող է յանգեցնել «հետագայ տառապանքներու և նոր զոհերու»՝ միաժամանակ պէտք է յարգել Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան իրաւունքը, ու հարկաւոր է գտնել միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած լուծում մը։ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարին մտքերն են ասոնք զոր Ան փոխանցեց Իտալական La Repubblica օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, հաստատելով նաեւ թէ «Այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը բազմիցս յիշեցուցած է, խաղաղութիւնը չի պարտադրուիր, այլ կը կառուցուի համբերութեամբ, օրը օրին, երկխօսութեամբ և փոխադարձ յարգանքով»։ Ծիրանաւոր ապա երախտագիտութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան համար, որ կարող է հանգեցնել խաղաղութեան, քանի որ «կարելի չէ որ այս պատերազմը այսպէս շարունակուի»։

Հարցազրոյցի մէջ Սուրբ Աթոռի թիւ մէկ դիւանագէտը քննադատեց ապա անվստահութեան և անհատականութեամբ բնորոշուած մթնոլորտը, որ կը խթանէ հակամարտութիւններ և վերազինում, վերահաստատելով խաղաղասիրութիւնը խթանելու գործին մէջ Սուրբ Աթոռին դերը։

Ակնարկելով ապա բազմակոմանիութեան դիւանագիտութեան, Կարդինալ Փարոլզինը շեշտեց անոր կեդրոնականութիւնը, յատկապէս Եւրոպայի համար, ապա դատապարտեց «սպառազինութեան» տարրի օգտագործումը որպէս լուծում պատերազմներու աւարտին։ Ան զգուշացուց նաեւ կրօնները շահագործելէ ապա խօսելով Կազայի մասին դատապարտեց բռնութիւնները ու պաշտպանելով պաշտպանուելու իրաւունքը ընդգծեց նաեւ թէ պէտք չէ ժխտել կեանքին իրաւունքը։

Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին խօսելով Ծիրանաւորը մաղթեց որ հաստատուի դիւանագիտական մնայուն ներկայութիւն մը եւ ի վերջոյ վերահաստատեց որ Սուրբ Աթոռին առաջնակարգ ներդրումը կը կայանայ երկխօսութեան մէջ, նոյնիսկ երբ անիկա դժուար ու անժողովրդային է, երկխօսութիւնը` խթանելու համար խաղաղութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2025, 08:00