Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-DIPLOMACY-US-VANCE

Կարդինալ Փարոլինը ընդունեց ԱՄՆ-ի փոխ նախագահ` Վանսը

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Վատիկանի մէջ հիւրընկալեց Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Տիար Ժէյմս Տավիտ Վանսը։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Այսօր` Շաբաթ 19 ապրիլի առաւօտեան Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Տիար Ժէյմս Տէյվիտ Վանսը հիւրընկալուեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան մէջ, Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի կողմէ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր»։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այս առիթով հրատարակած հաղորդագրութեան մը միջոցաւ, որուն մէջ կը յայտնուի նաեւ թէ «սիրալիր զրոյցներուն ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար ու նորոգուեցաւ միասնական յանձնառումը ի նպաստ կրօնի ու խղճի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութեան»։

«Ապա տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում միջազգային իրավիճակի շուրջ, յատկապէս պատերազմով, քաղաքական լարուածութեամբ ու մարդասիրական ծանր իրավիճակներով յատկանշուած երկիրներու վերաբերեալ, առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գաղթականներուն, փախստականներին, բանտարկեալներուն, ինչպէս նաև ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ թեմաներուն», կը կարդանք միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած է, թէ մաղթանք արտայայտուեցաւ ԱՄՆ-ի մէջ Պետութեան ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ անդորր համագործակցութեան համար, որուն շրջագիծէն ներս ճանչցուեցաւ աւելիով դիւրաբեկ անհատներուն ի նպաստ թանկարժէք ծառայութիւնը։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2025, 12:39