Որոնել

2025.04.11 Predica di Quaresima

Քառասնորդաց շրջանի չորրորդ մտածականը. «Ընդարձակել յոյսը – Համբարձման պատասխանատուութիւնը»։

Քահանայապետական Տան Քարոզիչը մտածականի աւարտին կը հարիրէ հաւատքը ապրիլ իսկական կերպով, առօրեային մէջ տեսանելի դարձնելով Աստուծոյ սէրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 11 Ապրիլ 2025-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ քառասնորդաց շրջանի չորրորդ ու վերջին մտածականը զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Աթոռի վերին իշխանութեան ներկայացուցիչներ, կղերականներ ու աշխարհական հաւատացեալներ։

21 եւ 28 Մարտին ապա 4 Ապրիլին կայացած առաջին երեք մտածականներէն ետքը որոնց նիւթերը կեդրոնացած էին «Սորվիլ ստանալ - Մկրտութեան տրամաբանութիւնը», «Ուրիշ տեղ մեկնիլ - հոգիի մէջ ազատութիւնը» և «Իմանալ, թէ ինչպէս վեր կանգնիլ նորէն - Յարութեան ուրախութիւնը», այսօրուան նիւթը եղաւ «Ընդարձակել յոյս – Համբարձման պատասխանատուութիւնը»։

Մտածականին սկիզբը Հայր Փազոլինին ուզեց յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղել Քահանայապետին,  ապա սկսաւ իր Քառասնորդաց շրջանի չորրորդ ու վերջին խորհրդածութիւնը, որուն գլխաւոր նիւթն է «Քրիստոսի մէջ խարսխուած: Արմատաւորուած և հիմնուած նոր կեանքի յոյսով»։

Ինչպէս նշեցինք այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացած էր Յիսուսի համբարձման վրայ եւ անորմէ բխած պատասխանատուութեան։ Քառասնորդացի Ուրբաթ օրերու մտածականներու ընթացքին խորհրդածութիւնները կատարուեցան թէ ինչպէս Յիսուս կը ներկայացնէ մեր կեանքին խարիսխը, մեզ հրաւիրելով մեր կեանքը փոխել հիմնուելով Աւետարանին վրայ։ Համբարձումը այս շրջագիծէն ներս կը դիտուի որպէս ցտեսութեան պահ մը որ կը տանի նոր յոյսի եւ ազատութեան, աշակերտներէն պահանջելով որ իրենց մօտ չպահեն Յարուցեալը, այլ երթալ դէպի միւսները անոնց հռչակելու համար Աւետարանը։

Մարիամ Մագդաղենացին Յարուցեալ Յիսուսին հետ իր հանդիպումով կը խորհրդանշէ անհրաժեշտ ապաշխարութիւնը` ճանչնալու համար նոր կեանքը։ Քրիստոսին համբարձումը աշակերտները կը հրաւիրէ աչքերնին վար առնելու ու աստուածային ներկայութիւնը գտնելու առօրեայի փոքր բաներուն մէջ ու միւսներուն հետ յարաբերութեան մէջ։

Այս առաքելութիւնը ուղղուած է բոլոր արարչագործութեան ու Եկեղեցին կոչուած է մարմնացնելու ու վկայելու Աւետարանը աշխարհին մէջ, սատարելով նոր մարդկայնութեան մը ստեղծումին։

Քահանայապետական Տան Քարոզիչը մտածականի աւարտին կը հարիրէ հաւատքը ապրիլ իսկական կերպով, առօրեային մէջ տեսանելի դարձնելով Աստուծոյ սէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2025, 11:54