Որոնել

2025.04.09 Conferenza Stampa di presentazione del Padiglione della Santa Sede alla 19. Mostra Internazionale di Architettura - La Biennale di Venezia 2025

Վենետիկի Ճարտարապետութեան Ցուցահանդէսին Սուրբ Աթոռի տաղաւարը ոչ այնքան այցելելու համար է, որքան՝ ապրելու

Վատիկանի մամուլի գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ «Opera Aperta » տաղաւար ՝ ազդարարելով Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան մասնակցութիւնը Միջազգային Ճարտարապետական 19-րդ Ցուցահանդէսին։ Միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 2025 թուականի Մայիս 10էն մինչեւ Նոյեմբեր 23ը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Intelligens. Natural. Artificial. Collective - Իմացական։ Բնական։ Արհեստական։ Հաւաքական։» Այս է 2025 թուականի Մայիս 10էն մինչեւ Նոյեմբեր 23ը Վենետիկի մէջ կայանալիք Միջազգային Ճարտարապետական Ցուցահանդէսին (Biennale di Venezia) բնաբանը, որուն Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւնը պիտի մասնակցի «Opera aperta» անուամբ տաղաւարով։

Ծրագիրը ներկայացնելու նպատակով, 9 Ապրիլին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ կայացաւ մամլոյ ասուլիս՝ մասնակցութեամբ, ի միջի այլոց, Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսայի, տաղաւարի համակարգողներ Մարինա Օթերօ Վերզիէի (հեռավար կապով), եւ Ճովաննա Զապոթթիի, «Fondaco Italia» ընկերութեան՝ համապատասխանաբար գեղարուեստական​​​​ղեկավարը եւ փոխնախագահը։

Հաւաքական փորձառութիւն

Սուրբ Աթոռի տաղաւարը կ’առաջարկէ համայնքային իմացականութեան գաղափարը, որմէ ալ ծնունդ առած է «Opera Aperta» նախագիծը, որ աշխարհի տարբեր ծայրերէն մասնագէտներու եւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներու համատեղ փորձառութեան արդիւնք է։ Կարդինալ Տէ Մենտոնսան՝ մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը, ըսած է, որ «կարիքը չունինք տարածքներ զբաղեցնելու, այլ՝ գործընթացներ սկսելու»։ Սուրբ Աթոռի տաղաւարը իսկական շինհրապարակ է, որտեղ ճարտարապետները, համայնքները, ընկերակցութիւնները եւ Ցուցահանդէսի այցելուները տեղակայուած են մէկ համակարգի մէջ»։

«Այս տարի «Biennale di Venezia»ն կը վերաբերի ոչ միայն արհեստական ​​բանականութեան, այլեւ լայն իմաստով՝ մարդկային, բնական, հաւաքական բանականութեան» եւ «ոգեշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato si’» շրջաբերականէն, որ այս տարի կը դառնայ տասը տարեկան, ըսած է միշտ Ծիրանաւորը։

Ունկնդրելու եւ նորոգելու կարեւորութիւնը

Իր հերթին, Ճովաննա Զապոթթին պատմած է, որ ծրագրի իրագործման վայրը կը ներառէ շէնքերու համալիր, որոնք տարիներ շարունակ դատարկ մնացած են․ «Կը փորձենք վերականգնել այս լռութեան իմաստը ճարտարապետական ​​լեզուի միջոցաւ, որ հիմնուած է լսելու եւ նորոգելու վրայ։ Տաղաւար՝ ոչ այնքան այցելելու, որքան՝ ապրելու համար»։ Յատուկ դեր վերապահուած է երաժշտութեան, ուր Վենետիկէն եւ աշխարհէն ժամանած երիտասարդ երաժիշտները՝ իրենց այցը նախապէս ամրագրելու պարագային, կարող են ստանալ եւ նուագել երաժշտական գործիքներով։

Համայնքային բանականութիւն

Ցուցահանդէսի հետաքրքիր կողմերէն մին այն է, որ ծածկուած պիտի ըլլայ քողով, «նման «վիրակապով» բուժում ստացող հիւանդի», որու «վերանորոգման կէտերը» սակայն բաց պիտի մնան այցելուներուն․ 18րդ դարի խորանի վերականգնողական աշխատանքները կիրականացուին հանրութեան աչքի առջեւ, բացատրած է ապա Զապոթթին։

Այս առթիւ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը բացատրած է, որ «տաղաւարը հիւրընկալող շէնքը Վենետիկի մէջ ուխտաւորներու համար նախատեսուած առաջին հիւանդանոցն էր. այսօր ան կրկին կը կենդանանայ՝ ներգրաւելով բոլոր տարիքի մարդիկը: «Տարիներ շարունակ փակ շէնքի վերականգնումը կը նշանակէ անոր վէրքերը բուժել, բայց նաեւ ան բանալ կեանքի եւ յարաբերութիւններու համար: Յիշեցնելով ապա Սրբազան Քահանայապետին բառերը, թէ՝ գոյութիւն ունի ձեռքերու եւ սրտերու իմացականութիւն, այլ ոչ թէ միայն մտքի, Կարդինալը եզրայանգած է, որ «ձեռքերով, գլխով եւ սրտով միասին մենք կը կառուցենք ընկերային եւ մշակութային փորձառութիւն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2025, 08:00