Որոնել

«Սուրբ Ֆրանչիսկոս, Սրբուհի Քիարա» մանկապարտէզ Վատիկանի մէջ «Սուրբ Ֆրանչիսկոս, Սրբուհի Քիարա» մանկապարտէզ Վատիկանի մէջ 

Վատիկանի պատնէշներէն ներս «Սուրբ Ֆրանչիսկոս եւ Սրբուհի Քիարա» անուամբ նոր մանկապարտէզ

Վատիկանի մէջ նոր մանկապարտէզի բացումը պիտի կատարուի 14 ապրիլին, նախագահութեամբ Վատիկան քաղաք-պետութեան կառավարութեան երբեմնի կարդինալ Ֆէրնանտօ Վերկէզ Ալզակայի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 14 ապրիլին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Վատիկանի մէջ բացումը կը կատարուի «Սուրբ Ֆրանիսկոս եւ Սրբուհի Քիարա» անուամբ նոր մանկապարտէզի։ Բացման արարողութիւնը եւ մանկապարտէզի վայրերու օրհնութիւնը կը կատարէ Վատիկան քաղաքի պետութեան երբեմնի կառավարիչ, կարդինալ Ֆէրնանտօ Վերկէզ Ալզակա։

Մանկապարտէզի բացումին ներկայ կը գտնուին Վատիկան քաղաք-պետութեան նախագահ, քոյր Ռաֆաէլլա Փեթրինի, Արք Էմիլիօ Նափփա, եւ փաստաբան Ճուզէփփէ Փուլիզի Ալիպրանտի ինչպէս նաեւ Հայր Ֆրանքօ Ֆոնթանա։

Նախաձեռնութեամբ Վատիկան - Քաղաք պետութեան, նոր կառոյցը պիտի ծառայէ Վատիկանի աշխատակիցներուն, մասնաւորապէս 3էն, 36 ամիս տարիք ունեցող մանուկներուն ընտանիքներու։ Մանկապարտէզի մէջ մանուկները պիտի վայելեն հանդարտ եւ գեղեցիկ միջավայր՝ իրենց կրթական եւ ընկերային գործունէութեան համար նախատեսուած սարքաւորումներով։ Անոնց տրամադրութեան տակ պիտի գտնուին խումբ մը դաստիրակիչներ։

Մանկապարտէզը բաց պիտի մնայ երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ օրերը,  առաւօտեան ժամը 7,30էն մինչեւ 6,30։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2025, 13:09