Որոնել

 Պատերազմ և շրջակայ միջավայրի ապականում Սուտանի մէջ Պատերազմ և շրջակայ միջավայրի ապականում Սուտանի մէջ  (AFP or licensors)

«Յոյսի եւ Խաղաղութեան սերմեր». 2025-ի Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուայ բնաբանը

Այսպէս ինչպէս ընդգծած է Ֆրանչիսկոս Պապը ու նաեւ անոր նախորդները խաղաղութեան եւ արարչագործութեան խնամքի միջեւ կապը շատ սերտ է. Միեւնոյն ատեն սերտ է կապը մէկ կողմէ ընդմէջ պատերազմի եւ բռնութեան ու միւս կողմէ հասարակաց տան ապականութեան և կենսամիջոցներու (ոչնչացում և սպառազինութիւն) վատնումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութիւնը` երկուշաբթի` 7 ապրիլին հրատարակած հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը 2025-ի Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուայ որպէս բնաբան ընտրած է. «Յոյսի եւ խաղաղութեան սերմեր» կարգախօսը։

Արարչագործութեան Ժամանակը համամիութենական ձեռնարկ մըն է, որ դարձած է աւանդոյթ եւ տեղի կ՛ունենայ իւրաքանչիւր տարուայ մէկ սեպտեմբերէն մինչեւ չորս հոկտեմբեր։

2025-ի, Յոբելենական տարւոյն եւ «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի տասներորդ տարեդարձին առիթով, վերոնշեալ ժամանակի համար ընտրուած նիւթը` «արարչագործութեան հետ խաղաղութիւն» է, մինչ խորհրդածութեան համար` որպէս ուղեցոյց ընտրուած է Եսայի Մարգարէի գիրքը` Գլուխ 32, 14-էն18 համարները։

Այսպէս ինչպէս ընդգծած է Ֆրանչիսկոս Պապը ու նաեւ անոր նախորդները խաղաղութեան եւ արարչագործութեան խնամքի միջեւ կապը շատ սերտ է. Միեւնոյն ատեն սերտ է կապը մէկ կողմէ ընդմէջ պատերազմի եւ բռնութեան ու միւս կողմէ հասարակաց տան ապականութեան և կենսամիջոցներու (ոչնչացում և սպառազինութիւն) վատնումին։

Պատգամը կը խրախուսէ աղօթելու` որպէսզի ստեղծուին խաղաղութեան պայմաններ, մնայուն խաղաղութիւն մը, որ կառուցուած ըլլայ միասնաբար եւ յոյս հրահրէ։

Սերմերու փոխաբերութիւնը ցոյց կու տայ երկարաժամկէտ պարտաւորութեան անհրաժեշտութիւնը: Պատգամին մէջ ի յայտ դրուած են տարբեր ցամաքամասերէ բարի փորձեր և խաղաղութեան և յոյսի սերմեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2025, 12:00