Որոնել

Սինոդ, Ժողով Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Սինոդ, Ժողով Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ  (ANSA)

Սինոդի գործընթացքի ուղեգիծ

Երկուշաբթի, 7 ապրիլին գումարուեցաւ Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան ԺԶ-րդ կանոնաւոր Խորհուրդի երրորդ նիստը, որուն առանցքը եղաւ սինոդի իրականացման փուլին համար հաստատուած ուղեգիծը ու Սինոդի արտացոլումը ի տես աջակցութեան փաստաթուղթին, որուն հրապարակումը նախատեսուած է մայիս ամսուան վերջաւորութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 7 ապրիլին, յետմիջօրէին, գումարուեցաւ Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան ԺԶ-րդ Կանոնաւոր Խորհուրդի երրորդ նիստը, որուն առանցքը եղաւ սինոդի իրականացման փուլի ուղեկցութեան եւ ստուգումի գործընթացը. «աշխատանքային ծրագիր մը» զոր խորհուրդը առաջարկեց Պապին՝ անցեալ փետրուարին կայացած հանդիպումի յաջորդը օրը եւ Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց մարտին կէսերուն։

Հանդիպումը ընթացք առաւ Հայր Մաթէօ Ֆերառի գլխաւորած աղօթքով, որուն ընթացքին ժողովին մասնակիցները աղօթեցին Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար, ապա Խորհուրդի անդամները սկիզբ տուին խորհրդածութեան, ի տես Սինոդի իրականացման փուլին համար աջակցութեան փաստաթուղթին, որ պիտի հրապարակուի 2025 թուականին մայիսի վերջը։
Քննարկուեցան նաեւ այլ թեմաներ, ինչպէս Սինոդի Խումբերուն Յոբելեանի հետ կապուած աշխատանքները (24-26 ottobre 2025)։ Հանդիպումը գլխաւորեց Սինոդի ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքը։

Հանդիպումի ընթացքին սինոդի մասնակիցները շնորհաւորեցին կարդինալ Ժան Մարք Աւելինը՝ Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ նշանակուելու կապակցութեամբ։ Կանոնաւոր խորհուրդի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մայիսին երկրորդ կէսին, քննարկելու համար աջակցութեան փաստաթուղթի նախագիծը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2025, 10:52