Որոնել

Հռոմի Քուրիայի անդամներո ն Քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութիւնը Հռոմի Քուրիայի անդամներո ն Քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութիւնը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Հայր Փազոլինի. Քրիստոսի Յարութիւնը կը սորվեցնէ, որ պէտք չէ վախնալ տառապանքէն եւ մահէն

Քառասնորդաց շրջանի Քահանայապետական տան քարոզիչին երրորդ խորհրդածութիւնը՝ նուիրուած Յիսուսի Յարութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 4 ապրիլին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, քահանայապետական տան քարոզիչ, հայր Ռոպէրթօ Փազոլինին, ներկայացուց քառասնորդաց շրջանին երրորդ՝ վերջընթեր խորհրդածութիւնը, «գիտնալ վեր հանել Յարութեան ուրախութիւնը» թեմայով։

Հռոմի Քուրիայի անդամներուն մասնակցութեամբ Քահանայապետական տան քարոզիչը իր ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսի Յարութեան հոգեւոր իմաստին վրայ, ընդգծելով Քրիստոսին մէջ՝ մեղքը մեր ուսերէն հեռու ձգելու եւ նոր կեանքը ողջունելու կարեւորութիւնը։

Անդրադառնալով յոբելինական սուրբ տարուան, քարոզիչը նշեց, որ Սուրբ Դուռէն անցնիլը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի եւ փրկութեան մօտենալու իղձը։ Սուրբ Յարութիւնը քրիստոնեայ հաւատքին կեդրոնական պահն է, որ յոյս եւ լոյս կը պարգեւէ, սորվեցնելով որ պէտք չէ վախնալ տառապանքէն եւ մահէն։

Յիսուսի ժեսթը Իր Յարութենէն ետք՝ առանց վրէժխնդրութեան, ցոյց կու տայ սիրոյ ուժը, որ վերստին կը բարձրանայ պարտութենէն յետոյ։ Յիսուսի երեւումները Առաքեալներուն հետ կը բացայայտեն մահուան դէմ Անոր յաղթանակն ու հաղորդութեան եւ հաշտութեան մէջ կեանքը ապրելու հրաւէրը։
Թոմասի կերպարը կը ներկայացնէ իսկական հաւատքի ցանկութիւնը, որ դուրս կու գայ բառերէն ու կը փնտռէ շօշափելի նշաններ։

Յարուցեալը կը յայտնուի, ոչ թէ արտասովոր ժեսթերով, այլ առօրեայ կեանքին մէջ, ցոյց տալով որ ամէն պահ կարող է դառնալ շնորհքի հնարաւորութիւն։
Յարութիւնը կ՝ենթադրէ մեր կեանքի վերափոխումը, որուն մէջ նոյնիսկ ամենասովորական փորձառութիւնները կարող են արտայայտել Քրիստոսի մէջ նոր կեանքի ուրախութիւնը։

Հայր Ռոպէրթօ Փազոլինի քարոզը աւարտեց հրաւիրելով ապրելու հարազատ յարաբերութիւնները, զերծ վրդովմունքէն, վկայելով որ սէրը կը յաղթահարէ ամէն դժուարութիւնը ու Հրաւիեց աղօթելու Աստուծոյ որպէսզի մեզ նորոգէ յաւիտենական կեանքին լոյսին մէջ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2025, 11:37