Սուրբ Զատկուայ տօնին Սուրբ Պետրոս հրապարակը զարդարող ծաղիկները Հոլանտայէն եւ Իտալիայէն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Ի պատրաստութիւն Սուրբ Շաբաթուան Սուրբ Պետրոս հրապարակը եւ Վատիկանի Պազիլիքան պիտի զարդարուին հարիւրաւոր գոյնզգոյն ծաղիկներով որոնք նուրն են Իտալիոյ եւ Հոլանտայի։
Վատիկանի այգիներու և շրջակայ միջավայրի ծառայութիւնը համագործակցութեամբ «Città dell’Olio» ազգային ընկերակցութեան և Սլովենիայի կենսաարհեստականութեան փորձագէտներուն, պիտի հոգայ գեղարուեստական զարդերուն տեղադրումը։
Կիրակի 13 ապրիլին Ծաղկազարդի տօնին օրը պիտի բաշխուին աւելի քան 200.000 ձիթենիի ու 150 արմաւենիի ճիւղեր, խորհրդանշելով խաղաղութեան պատգամ մը Կազայի եւ Ուքրանիոյ համար։
«Ձիթենին կը սորվեցնէ ապրիլ ներդաշնակութեամբ որովհետեւ ան խորհրդանիշն է խաղաղութեան։ Խաղաղութիւնը սակայն կը կառուցուի միայն միասին» նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։
Իսկ շաբաթ 19 ապրիլին Սուրբ Պետրոս տաճարի ներքոյ նախատեսուած զատկական հսկումի արարողութեան ընթացքին, Սլովենացի մասնագէտներ պիտի օգնեն պատրաստելու համար ծաղկային զարդարանքները, իսկ կիրակի 20 ապրիլին՝ Սուրբ Զատկուայ տօնին օրը, շնորհիւ հոլանտայի ծաղկավաճառներու առատաձեռնութեան Սուրբ Պետրոս հրապարակը պիտի զարդարուի հոլանտական ծաղիկներով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ