Որոնել

2023.09.15 Palazzo del Governatorato

14 էլեկտրական ինքնաշարժներ յանուն կայուն շարժականութեան՝ Վատիկանի Կառավարչատունը միշտ աւելիով «կանաչ» կը դառնայ

Նոր ինքնաշարժները պիտի օգտագործուին Ոստիկանատան, Հրշէջ ծառայութեան եւ Վատիկան Քաղաք Պետութեան այլ կարիքներու համար եւ մաս կը կազմեն շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեանն ուղղուած՝ «Բնապահպանական Փոխակերպում 2030» զարգացման ծրագիրին։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկան Քաղաք Պետութեան կարիքներու համար նախատեսուած 14 էլեկտրական ինքնաշարժներ՝  չորս  մարդատար (Melex 343) եւ 10 բեռնատար (Goupil),  իտալական «Exelentia» (Italian Mobility Factory) ընկերութեան կողմէ մատակարարումներու նոր խմբաքանակն է, որ մաս կը կազմէ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեանն ուղղուած՝ «Բնապահպանական Փոխակերպում 2030» զարգացման ծրագիրին՝ մեկնարկած 2023 թուականի Նոյեմբերին։ «Exelentia»ն տեղեկացուցած է նաեւ, որ որոշած է յատուկ կերպով վերափոխուած երկու էլեկտրական ինքնաշարժներ նուիրաբերել Սրբազան Քահանայապետի կարիքներու համար։

Յարմարաւէտ փոխադրակառքեր

Չորեքշաբթի օրը՝ 16 Ապրիլին, առաջին չորս Melex 343 ինքնաշարժները արդեն Ոստիկանատան տրամադրութեան ներքոյ պիտի ըլլան, որոնցմէ երկուքը նախատեսուած է Հրշէջ Ծառայութեան համար։ Melex 343-ը փոքր եւ յարմարաւէտ մարդատար ինքնաշարժ մըն է, ամբողջովին էլեկտրական եւ զգայուն տարածքներու մէջ դիւրութեամբ տեղափոխելու համար, ինչպէս օրինակ՝ այգիները,  երկաթուղային կայարանները, նաւահանգիստները եւ օդակայանները։ Բացի այդ,  յագեցած է աղէտներու եւ հրդեհներու պարագային առաջին բուժ օգնութեան եւ օժանդակ սարքաւորումներ տեղադրելու համար։

Շնորհիւ իրենց ճկունութեան՝ այդ ինքնաշարժները նաեւ թոյլ կու տան Ոստիկանատանը, ինչպէս նաեւ այլ իրաւապահ մարմիններուն պարեկային ծառայութիւններուն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու իրենց գործողութիւնները ներքին եւ բարձր հետիոտնային խտութիւն ունեցող տարածքներու մէջ՝ առանց աղտոտելու շրջակայ միջավայրը։  

Զրոյական արտանետումներով ինքնաշարժներու կայան մինչեւ 2030 թուականը

Այս նոր ներդրմամբ, աստիճանաբար փոխարինելով ինքնաշարժները էլեկտրական ինքնաշարժներով, Վատիկան Քաղաք Պետութեան Կառավարչատունը կը շարունակէ մինչեւ 2030 թուականը զրոյական թափօններու հասնելու իր յանձնառութիւնը: նշենք թէ վերջիններիս  էլեկտրական լիցքաւորման համար 2024 թուականի 20 Դեկտեմբերին Պօղոս Զ դահլիճի մուտքի մօտ շահագործման յանձնուած էին 20 «արագ» եւ 2 «գերարագ» լիցքաւորման կէտեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2025, 10:00