Որոնել

Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Զոհերու յիշատակը Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Զոհերու յիշատակը 

Հալէպի մէջ. Հանգամանաւոր կերպով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Զոհերու յիշատակը

Հալէպի մէջ նշուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած զոհերու յիշատակը։ 110-ամեակի յիշատակի միջոցառումներու շարքին մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Սուրբ Պատարագը մատոյց՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեան։

Մակար Արք. Աշգարեան. «Այսօր, մեր ուսերուն դրուած է պարտաւորութիւնը՝ յիշելու, պահանջելու եւ առանց տկարութեան արդար դատը ձեռք բերելու պայքարը շարունակելու՝ միասնաբար ճիգ ու ջանք թափելով, հաւատքով եւ յոյսով աշխատանք տանելով եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրելով»:

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս մեծարգոյ Արա Աւետիսեան, հիւպատոսութեան խորհրդական մեծարգոյ Դաւիթ Թադէոսեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը:

Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, դիտել տալով, որ այսօր անգերեզման մնացած մեր 1.5 միլիոն սրբազան նահատակները կը յիշենք, յիշատակ մը, որ ոչ թէ սոսկ անցեալին կատարուած իրողութիւն է, այլ ամէնօրեայ դրութեամբ մեր սրտերուն, հոգիներուն, էութեան եւ երակներուն մէջ անոնց ձայնը կ՚արձագանգէ եւ 110 տարիներ բոլորելով հանդերձ, որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, կը շարունակենք արդարութեան ձայնին դէմ վարագոյր քաշած անտարբեր աշխարհին դէմ մեր ձայնը բարձրացնել եւ մեր արդար իրաւունքը պահանջել։

Սրբազան Հայրը օրուան աւետարանական հատուածին ընդմէջէն անդրադարձաւ աշխարհիկ չափանիշերով առաջնորդուող մարդոց եւ այն մարդոց, որոնք աստուածային հոգիով լեցուն են եւ Քրիստոսի կառչած կը մնան։ Ան յայտնեց, թէ Աստուածաշունչին ընդմէջէն Քրիստոս մեզ արթնութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի չզարմանանք, երբ աշխարհը մեզ հալածէ, չարչարէ եւ ճշմարտութիւնը ծածկէ, որովհետեւ նոյնը ըրաւ մեր Տիրոջ նկատմամբ։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդը, 110 տարիներ անցնելով հանդերձ, նոյն հաւատքով եւ նոյն ոգիով շարունակելու պայքարը, ըսելով. «Այսօր, մեր ուսերուն դրուած է պարտաւորութիւնը՝ յիշելու, պահանջելու եւ առանց տկարութեան արդար դատը ձեռք բերելու պայքարը շարունակելու՝ միասնաբար ճիգ ու ջանք թափելով, հաւատքով եւ յոյսով աշխատանք տանելով եւ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրելով»:

Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները, Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն բարեխօսութիւնը խնդրելով, միասնաբար աւելի զօրացած եւ կազմակերպուած շարունակելու մեր պահանջատիրական երթը եւ մաղթեց, որ Ամենակալը օրհնէ եւ իր առատ ողորմութիւնը հեղու ողջ հայութեան վրայ, ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք։ 

Աւարտին, կատարուեցաւ սուրբերու յիշատակի արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 08:54