Պէզիքեան բազմանպատակ կեդրոն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ
Կ՛ուզենք ուրախութեամբ յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ սիրով ընդառաջելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, Զարեհ Պէզիքեան եւ դուստրը` Անին, յանձն առին կաթողիկոսարանին մէջ Պէզիքեան անունը կրող բազմանպատակ կեդրոնի մը կառուցման բարերարութիւնը: Զարեհ Պէզիքեան այս օրինակելի բարերարութիւնը կը կատարէ իբրեւ արտայայտութիւն իր ծնողաց` Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի նկատմամբ ունեցած սիրոյն ու երախտագիտութեան: ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ պիտի ներառէ.
1) Հանդիսասրահ` շէնքին գետնայարկը եւ առաջին յարկը, պիտի բաղկանայ 500 աթոռներէ:
2) Բազմանպատակ սրահ` երկրորդ յարկի վրայ, պիտի ներառէ շուրջ 300 հոգի:
3) Համագումարներու սրահ` երրորդ յարկի վրայ, պիտի ունենայ 200 աթոռ: Համագումարի սրահին կից պիտի կառուցուի 30 հոգի ներառող ժողովասրահ:
4) Վեհափառ հայրապետին յատուկ աշխատասենեակ, հիւրասենեակներ եւ պաշտօնական հիւրասիրութեան յատուկ սրահ` չորրորդ յարկի վրայ:
5) Ներքնայարկը պիտի բաղկանայ զանազան ձեռնարկներու, տօնակատարութիւններու ու հանդիպումներու նախապատրաստութեան յատուկ սենեակներէ:
Բոլոր սրահները եւ սենեակները պիտի օժտուին իրենց գործածութեան առնչուած անհրաժեշտ սարքաւորումներով ու լայն կարելիութիւններով:
Շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին անմիջապէս եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 19 սեպտեմբեր 2026-ին:
Շինութեան ճարտարապետն է Վազգէն Չէքիճեան: Շինարարական յանձնախումբի անդամներն են` Գրիգոր Մահսերէճեան (Ատենապետ), Տաճատ եպս. Աշըգեան, Յակոբ Գըլպաշեան, Վահէ Գալինճեան, Ալեքս Գարապաճագեան եւ Յակոբ Լուսարարեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ