Որոնել

Il Papa, in ottobre recitare rosario, pregare per pace nel mondo

Ֆրանչիսկոս Պապի վախճանումին վերաբերեալ Լիբանանեան կեցուածքներ

«Լիբանանը միշտ ալ Ֆրանչիսկոս պապի խղճին մէջ էր, եւ անոր միշտ իւրայատուկ ուշադրութիւն, անկեղծ սէր եւ աջակցութիւն տրամադրեց, որ մինչեւ իր վերջին օրերը չդադրեցաւ, իսկ լիբանանցիները այդ աջակցութեան փոխարէն իր նկատմամբ տածեցին անկեղծ սէր եւ խոր յարգանք», նշեց Աուն:

Լիբանանցի քաղաքական ու կրօնական անձնաւորութիւններ Ֆրանչիսկոս պապի վախճանման վերաբերեալ արտայայտեցին կեցուածքներ` ընդգծելով, որ ան խաղաղութեան ու արդարութեան խորհրդանիշ մըն էր, ինչպէս նաեւ աղքատներու ու լուսանցքայնացուածներու պաշտպան մը: Մինչ այդ, նախարարաց խորհուրդը պապի վախճանումին առիթով եռօրեայ սուգ յայտարարեց:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Յարութեան, մխիթարութեան եւ յոյսի ժամանակ իր վերջին քարոզը ըսաւ ու հեռացաւ… Իր խաչը վերցուց եւ քայլեց… Սիրով տրոփեց անոր սիրտը, ուր բոլոր մարդիկը բաւեցին, աղքատները, ճնշուածները, տառապածները»:

«Այն պահուն, երբ առաւելագոյն կարիքը ունինք միախմբող խօսքին, կը կորսնցնենք հեղինակութիւն մը, որ միայն ճշմարտութիւնը խօսեցաւ», աւելցուց ան:

«Ֆրանչիսկոս պապը մեզմէ կը հեռանայ, եւ իր աչքերը, սիրտն ու ամբողջ էութիւնը Պաղեստինի հետ, Լիբանանի հետ եւ Երկիրի վրայ բոլոր տառապածներուն հետ են», նշեց Պըրրի:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Ֆրանչիսկոս պապին մահով Լիբանանը ամուր թիկունք մը կը կորսնցնէ, իսկ աշխարհը` սիրոյ եւ խաղաղութեան մարդը, աղքատներուն ու լուսանցքայնացուածներուն աջակիցը, որ ծանօթ էր իր համեստութեամբ եւ մարդոց նկատմամբ մօտիկութեամբ:

«Ան միշտ կանգնած էր Լիբանանի կողքին եւ միշտ անոր համար աղօթած ու այցելել փափաքած էր», ըսաւ վարչապետը:

«Սրբազան քահանայապետը մեծ ժառանգ ձգեց միջազգային խաղաղութեան եւ արդարութեան իրագործման իր աշխատանքով: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ Ազհարի շէյխին հետ իր ստորագրած մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը եւ ինչպէ՞ս մոռնանք աշխարհի հեռաւոր շրջաններ իր այցելութիւնը` պաշտպանելով իսկական եղբայրութիւնն ու կրօններու միջեւ երկխօսութեան ամրագրումը: Եւ այն, ինչ որ Լիբանանի իւրայատկութիւնը, կարողութիւնն ու առանձնայատկութիւնն է, այդ երկխօսութեան հող եւ ժողովուրդ ըլլալն է», աւելցուց վարչապետը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Ֆրանչիսկոս պապը ամբողջ մարդկութեան համար մեծ կորուստ է: Ան աղքատներուն ու անիրաւուածներուն թիկունք կանգնող էր եւ տարակարծութիւններու լուծման համար երկխօսութեան որդեգրման ամէնէն բուռն ջատագովներէն մէկը»:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ֆրանչիսկոս պապը նկարագրեց իբրեւ «հանդուրժող հայրական դէմքը», որ աղքատներուն աջակցեցաւ եւ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը պաշտպանեց` աւելցնելով, որ ան եկեղեցիին յաւելեալ մարդկայնականութիւն աւելցուց:

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Մեծ ցաւով իմացանք Ֆրանչիսկոս պապի մահուան լուրը(…) Հանգուցեալը երկխօսութեան, միասնականութեան եւ խաղաղութեան ջատագով էր, եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք թափեց, մասնաւորաբար իր պատմական այցելութիւններուն եւ շրջապտոյտներուն ճամբով: Անոնցմէ կը յիշենք Նաժաֆ իր պատմական այցելութիւնն ու շիի համայնքի գերագոյն հեղինակութիւն մեծն այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիի հետ հանդիպումը եւ Ապու Տապիի մէջ Ազհարի շէյխին հետ «Համաշխարհային խաղաղութեան ու համակեցութեան համար մարդկութեան եղբայրութեան» փաստաթուղթը ստորագրելը»:

«Ֆրանչիսկոս պապը իր պաշտօնավարութեան ամբողջ ընթացքին նախանձախնդիր էր կրօններու միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման, հանդուրժողականութեան մշակոյթի տարածման եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան տարածման: Ինչպէս նաեւ դերակատարութիւն ունէր մարդու իրաւունքներու ամրապնդման, պաղեստինեան արդար դատին աջակցութեան մէջ»:

Տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս տխուր առիթով, որ կը զուգադիպի Զատկուան տօնին, մենք կը վերյիշենք շարք մը դիրքորոշումներն ու խօսքերը մեծ հանգուցեալին, որ իր սէրը յայտնեց Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ, զորս ան կրօններու միջեւ խաղաղութեան ու երկխօսութեան համաշխարհային խորհրդանիշ  նկատեց, եւ տեւական աջակիցն էր մարդկային ու հոգեւոր արժէքներուն եւ սիրով լի ջատագովը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ կամուրջներու հաստատման, հանդուրժողականութեան ու փոխհասկացողութեան մշակոյթի տարածման եւ մարդու իրաւունքներու պահպանման»:

Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ֆրանչիսկոս պապը իր ներշնչող կեցուածքներուն ճամբով մարմնաւորեց կրօններու միջեւ երկխօսութեան ոգին: Նաժաֆի եւ Ազհարի մէջ իսլամական հեղինակութիւններուն հետ իր յիշարժան հանդիպումները սիրոյ ջահը եւ մարդկութեան եղբայրութեան պատգամը յղող պատգամներ էին:

«Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու իր անկեղծ կոչերը (նոյնիսկ մինչեւ իր կեանքին վերջին պահը), Պաղեստինի մէջ մեր ժողովուրդի ենթարկուած ջարդերուն դատապարտումը, մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրել պահանջելը, Պաղեստինեան պետութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալը, Պաղեստինեան դատին զօրակցիլը, ինչպէս նաեւ տեւական կերպով, բոլոր ժամանակաշրջաններուն Լիբանանի կողքին կանգնիլն ու անոր վրայ իսրայէլեան յարձակումը դատապարտելը, կը մարմնաւորեն անոր կոչին անկեղծութիւնը եւ որեւէ տեղ անիրաւութիւնը մերժող մարդկային արժէքներու նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը»:

Նախկին նախագահ Միշել Աուն յայտնեց. «Այս տխուր պահերուն, երբ աշխարհը խաղաղութեան, հանդուրժողականութեան եւ երկխօսութեան խորհրդանիշ մը, ճնշուած ժողովուրդներուն եւ մարդու արժանապատուութեան անկոտրում պաշտպան մը կորսնցուց, խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Սուրբ աթոռին, կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ այն հաւատացեալներուն, որոնց նորին սրբութիւնը իր սրտին մէջ կրեց, եւ անոնց համար մարդկայնական ու հոգեւոր օրինակ էր»:

«Լիբանանը միշտ ալ Ֆրանչիսկոս պապի խղճին մէջ էր, եւ անոր միշտ իւրայատուկ ուշադրութիւն, անկեղծ սէր եւ աջակցութիւն տրամադրեց, որ մինչեւ իր վերջին օրերը չդադրեցաւ, իսկ լիբանանցիները այդ աջակցութեան փոխարէն իր նկատմամբ տածեցին անկեղծ սէր եւ խոր յարգանք», նշեց Աուն:

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նշեց. «Ուրախ ըլլալ կը նշանակէ ներումի մէջ ուժ գտնել, ճակատամարտներու մէջ յոյս եւ վախի մէջ հաւատք»:

«Ֆրանչիսկոս պապը երէկ այս պատուիրանները յղեց մարդկութեան` շնորհաւորելով Ս. Յարութեան տօնը, եւ այսօր իր հոգին աւանդեց իր ետին ձգելով սիրոյ եւ երկխօսութեան ժառանգութիւն մը: Կորսնցուցինք Լիբանանը պաշտպանող մը եւ ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան ու խաղաղութեան համար պայքարող մը», աւելցուց Պասիլ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2025, 11:41