Որոնել

2023.01.02 Rev Vahan Tutighyan

Ս. Յարութեան հզօր ազդեցութիւնը

Թող Զատկուան հրաշքը իր ներզօր ազդեցութիւնը ունենայ ամէն հայու եւ ամէն մարդու կեանքին մէջ, որպէսզի կարենայ լիաթոք գոչել`, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

Զատիկը եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնն է, որովհետեւ ան կ’ոգեկոչէ Քրիստոսի Յարութեան աննման դէպքը, որ իր հզօր ազդեցութիւնը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ մարդոց կեանքին մէջ:

Ս. Յարութեան ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը իր բախտորոշ եւ ճակատագրական դերը ունեցաւ Յիսուսի աշակերտներուն վրայ: Յարուցեալ Քրիստոսը տարերային զօրութեամբ յեղաշրջեց անոնց կեանքն ու կենցաղը:

Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն, աշակերտներուն ունեցած ակնկալութիւնները, որ իրենց Վարդապետը  պիտի դառնար երկրաւոր Մեսիա մը` ազատագրելու իրենց ազգը  հռոմէական տիրապետութենէ, բոլորովին յուսախաբ ըրած էր զիրենք: Իր աշակերտները զինք դիմաւորած էին Երուսաղէմի մէջ «ովսաննա»-ներով, այն յոյսով, որ Ան իր երկրաւոր թագաւորութիւնը պիտի հռչակէր, բայց անոնք հիասթափուած էին` ի տես Յիսուսի արտասուքին եւ մարգարէութեան, թէ օր մը Երուսաղէմ քարուքանդ պիտի ըլլար իր թշնամիներուն կողմէ:

Ատկէ քանի մը օր ետք` Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքներն ու խաչելութեան ողբերգութիւնը ամբողջովին մարած էին իրենց յոյսերը` անամոք սուգի մատնելով զիրենք: Վախը կացինահարած էր անոնց ներաշխարհը եւ յուսահատութիւնը անդամալուծած էր անոնց կամքերը: Ահուդողի մատնուած` անոնք կծկուած էին իրենց պատեաններուն մէջ:

Սակայն, երեք օր ետք, կիրակի օրը, աներեւակայելի բան մը պատահեցաւ, որ հիմնովին փոխեց Յիսուսի աշակերտներուն աշխարհահայեացքը: Այդ վհատած, բարոյալքուած եւ դասալքուած մարդիկը, յանկարծ դարձան աներկիւղ եւ ինքնավստահ, վճռակամ եւ խիզախ: Իրենց թաքստոցներէն դուրս եկած, անոնք դարձան Քրիստոսի անվախ աւետարանիչները:

Ի՞նչ էր գաղտնիքը այս արմատական եւ հրաշալի փոփոխութեան: Գաղտնիքը Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնն էր: Յարուցեալ Յիսուսի հրաշազօրութիւնը արմատական փոփոխութիւն մը յառաջացուց վհատութեան մատնուած այդ մարդոց մէջ: Աշակերտները անձնապէս տեսան եւ համոզուեցան, թէ Յիսուս Քրիստոս յաղթական Տէր է եւ Փրկիչ: Անոնք համոզուեցան, թէ Քրիստոս մեղքի եւ խաւարի ուժերուն վրայ տարած էր վճռական եւ բախտորոշ յաղթանակ մը:

Աշակերտներուն այս ամրակուռ հաւատքը կը բխէր Քրիստոսի յարութեան զօրութեան ճանաչումէն, որուն շնորհիւ անոնց կեանքն ու կենցաղը հիմնովին փոխուեցաւ: Շուտով անոնց յոռետեսութիւնը տեղի տուաւ լաւատեսութեան: Թօթափելով ամէն անձկութիւն ու յուսաբեկութիւն` անոնք նոր խանդով ու աւիւնով, անխախտ հաւատքով ու վճռակամութեամբ տոգորուած յարուցեալ Քրիստոսի աննահանջ ախոյեանները դարձան: Աւետարանչութեան անմար հուրով բորբոքած` անոնք Քրիստոսի Աւետարանին անվեհեր ջահակիրները եղան:

Յարութեան ներգործութիւնն  ու ազդեցութիւնը դարձած է նաեւ կենդանի եւ ներգործող լծակ մը բոլոր դարերու ճշմարիտ քրիստոնեաներուն, որոնք ճանչցած են զինք իբրեւ յաղթական Տէր, որովհետեւ Ան նոյնն է «երէկ, այսօր եւ յաւիտեան»:

Յարուցեալ Փրկչին յաղթութիւնը դարձած է անոնց կենսունակութեան աւիշը եւ անոնց կեանքերուն հզօր ուժամղիչը: Այսպէսով, անոնք քաջութեամբ կարողացած են դիմագրաւել ամէն տեսակի տագնապներ, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ:

Իր հաւաքական կեանքը Քրիստոսի կառքին լծող հայ ժողովուրդը փորձառաբար իրազեկ է այս ճշմարտութեան: Հակառակ անոր որ մեր բազմադարեան պատմութեան մէջ հայ ազգը արձանագրեր է բազմաթիւ մահասարսուռ էջեր, սրտաճմլիկ նահատակութիւններ եւ ազգային մեծ աղէտներ` Յարութեան յեղաշրջիչ զօրութեամբ ազգովին կրցած ենք մեր արցունքէն ծիածան եւ մեր փուշերէն պսակ շինել: Ասոր պերճախօս օրինակը 1915-էն 1923 տարիներու ընթացքին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնն է:

Ի հեճուկս այն իրողութեան, որ այդ դժնդակ տարիներուն հայ ժողովուրդը իր խաչը կրած` քալեց դէպի իր «Գողգոթա»-ն, քալեց արեան ճանապարհէն, արցունքի հովիտէն եւ մահուան մութ ձորէն, աստուածատուր յարութեան զօրութեամբ ոտքի կանգնեցաւ եւ իր մայր հողին վրայ պետականութիւն կերտեց` հիմը դնելով մեր այսօրուան սիրելի հայրենիքին: Իսկ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած «մնացորդաց»-ը, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու եւ համայն աշխարհի տարածքին մէջ նորանոր գաղութներ կազմակերպեց:

Եզեկիէլ մարգարէի չորցած ոսկորներու յարութեան տեսիլքը լիովին կը յարմարի Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ ազգին: Չորցած ոսկորներէն յառնող, փիւնիկի պէս մոխիրներէն ծնող շուրջ տասը միլիոն հայեր այսօր կը յայտարարեն աշխարհին` «Կանք, կը մնանք, կ՛ապրինք, կը ստեղծագործենք եւ արդարութիւն կը պահանջենք»:

Թող Զատկուան հրաշքը իր ներզօր ազդեցութիւնը ունենայ ամէն հայու եւ ամէն մարդու կեանքին մէջ, որպէսզի կարենայ լիաթոք գոչել`, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական
համաշխարհային խորհուրդի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2025, 08:12