Որոնել

2024.11.01 Karekin II

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Ազգի շահը վե՛ր դասել անձնական ու խմբակային նկրտումներէն, Պարտադրուող հայրենավնաս քայլերից»

«Անվտանգային մարտահրաւէրներու հետեւանքով ստեղծուած բարդ կացութիւնը առաւել կը ծանրանայ ներքին պառակտումներով ու ճգնաժամային նոր իրավիճակներով: Մտահոգիչ են նաեւ մեր իրականութեան մէջ չդադրող մերժելի գործողութիւններն ու արշաւները` ընդդէմ ազգային եւ քրիստոնէական մեր ինքնութեան ու անցեալի»:

Կիրակի, 20 ապրիլին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան սուրբ եւ անմահ պատարագը` նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին: Ս. պատարագի ընթացքին վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր պատգամը: Ան խօսքը Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղելով ըսաւ. «Հայրապետական մեր յորդորն է ազգի շահը վեր դասել անձնական ու խմբային նկրտումներէն, պարտադրուող հայրենավնաս քայլերէն: Մերժենք մեր կեանքէն կեղծիքն ու սուտը, ի սպառ հեռու վանենք ազգակործան բարքերն ու արարքները, մեր անցեալը, պատմական յիշողութիւնները նսեմացնող ու արժեզրկող, մեր ապագան վտանգող խօսքերն ու գործերը»:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի խօսքին մէջ հայրենավնաս քայլերէն, սուտէն, կեղծիքէն, ազգակործան բարքերէն հեռու մնալու յորդորէն բացի` ներքին պառակտումներու նիւթն ալ արծարծուեցաւ. «Անվտանգային մարտահրաւէրներու հետեւանքով ստեղծուած բարդ կացութիւնը առաւել կը ծանրանայ ներքին պառակտումներով ու ճգնաժամային նոր իրավիճակներով: Մտահոգիչ են նաեւ մեր իրականութեան մէջ չդադրող մերժելի գործողութիւններն ու արշաւները` ընդդէմ ազգային եւ քրիստոնէական մեր ինքնութեան ու անցեալի»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2025, 11:38